ՊԼԻՆՔԸՆ-ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Կազզէի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն արդէն 6-րդ անգամ տարածաշրջան այցելեց։ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ ան հասաւ Թել Աւիւ։ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ ընդունուեցաւ Էնթընի Պլինքըն, որ առանձնազրոյցէն զատ մասնակցեցաւ նաեւ ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու հանդիպման։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, ներկայիս օրակարգի վրայ է «Համաս»ի եւ Թել Աւիւի միջեւ հրադադարի մը ապահովման խնդիրը՝ ներառեալ պատանդներու եւ գերիներու ազատ արձակուիլը։

Շաբաթ, Մարտ 23, 2024