ԳԱՂԹԱԿԱՆԱՑ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Կա­զիան­թէ­պի մէջ այս շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր հա­ւա­քոյթ մը։ Քա­ղա­քի հա­մա­նուն հա­մալ­սա­րա­նի հա­մա­գու­մար­նե­րու եւ գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Թուր­քիա-ԵՄ սու­րիա­ցի­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան ծրագ­րին բա­ցու­մը՝ բարձր մա­կար­դա­կով։ Հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ, Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆրանց Թիմ­մեր­մանց։

Այս այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ, ֆրան­սա­կան «Լը Ֆի­կա­րօ» օ­րա­թեր­թին մէջ լոյս տե­սաւ Տա­նըլտ Թուս­քի յօ­դուա­ծը, ուր ան շեշ­տեց, թէ Եւ­րո­միու­թիւ­նը պէտք չէ իր անվ­տան­գու­թեան բա­նա­լին տայ Թուր­քիոյ ձեռ­քը։

Հարկ է նշել, որ վերջին վեց ամսուան ընթացքին Անկելա Մերքէլ արդէն չորրորդ անգամ կ՚այցելէ Թուրքիա։

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016