Ի՞ՆՉ ԸՍԱՒ ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Նախ­քան Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի Ե­րե­ւան ժա­մա­նե­լը, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան Հինգ­շաբ­թի օր տե­ղի ու­նե­ցած կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տի ա­ւար­տին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տա­լով՝ ընդ­հա­նուր շեշ­տադ­րում­ներ կը կա­տա­րէր ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի զար­գա­ցում­նե­րու վեր­ջին փու­լին մա­սին: Բա­ցո­րոշ է, որ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի ներ­կայ փու­լը մտած է քննար­կում­նե­րու կա­րե­ւոր ան­ցումա­յին շրջան մը: Ըստ ռու­սա­կան «Քո­մեր­սանտ»ին, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ան­ձամբ դի­մած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն՝ ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջին հեր­թին «խնդրե­լով» ա­մէն գնով պահ­պա­նել անց­նող 5 Ապ­րի­լին յայ­տա­րա­րուած հրա­դա­դա­րը: Վե­րա­դառ­նա­լով Շա­ւարշ Քո­չա­րեա­նի կա­տա­րած շեշ­տադ­րում­նե­րուն՝ կա­րե­լի է ը­սել, որ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րա­րը շատ փա­փուկ կեր­պով կը խօ­սէր սե­ղա­նին վրայ դրուած այն ձե­ւա­չափ­ե­րուն մա­սին, ո­րոնք բնա­կա­նօ­րէն ներ­կա­յացուած են Մոս­կուա­յի կող­մէ եւ ո­րոնց մէջ բա­ռա­ցու­ցա­կան կեր­պով հար­ցի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս մը գո­յու­թիւն ու­նի: Քո­չա­րեան, որ կը մեր­ժէ, թէ Լաւ­րով Հա­յաս­տան պի­տի ժա­մա­նէ պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նէն պա­տաս­խան­ներ ստա­նա­լու հա­մար, իր խօս­քի կա­րե­ւոր մա­սը յատ­կա­ցուց նրկա­յաց­նե­լու Պա­քուի 1 Ապ­րի­լին նա­խա­յար­ձակ ըլ­լա­լու փաս­տը եւ մա­նա­ւանդ այդ զի­նուո­րա­կան զար­գա­ցու­մէն ետք մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան առ­ջեւ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ցոյց տուած ան­տար­բեր եւ նոյ­նիսկ ան­պա­տաս­խա­նա­տու կե­ցուածք­նե­րը:

Վե­րա­դառ­նա­լով Ռու­սաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տու­թեան պե­տին Ե­րե­ւան կա­տա­րե­լիք այ­ցե­լու­թեան՝ կա­րե­լի է նկա­տի առ­նել, որ նախ­քան Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի այ­ցե­լու­թիւ­նը Քրեմ­լի­նի ոչ-պաշ­տօ­նա­կան բան­բեր հան­դի­սա­ցող թեր­թե­րէն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը հա­մա­րուող՝ «Քո­մեր­սանտ»ը Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ իր աղ­բիւ­րին վե­րագ­րե­լով հրա­պա­րա­կուած վեր­լու­ծա­կան լու­րը կը գրէ, թէ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­լիք հիմ­նա­կան ա­ռա­ջար­կը պի­տի ըլ­լայ Յու­նիս 2011-ին Քա­զան քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նեա­ցած Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին շրջա­ռու­թեան մէջ դրուած փաս­տա­թուղթ-ա­ռա­ջարկն է: Այդ ա­ռաջ­ար­կը մե­տա­սա­նե­րորդ պա­հուն մեր­ժուե­ցաւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ եւ այդ փու­լէն աս­դին, ո­րե­ւէ կա­րե­ւոր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի չու­նե­ցան: Խօ­սե­լով Քա­զա­նի մէջ մշա­կուած փաս­տա­թուղ­թին մա­սին պէտք է նշել, որ այդ չկա­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան հիմ­նա­կան կէ­տը հայ­կա­կան կող­մէն, ո­րոշ շրջան­ներ Ատր­պէյ­ճա­նին յանձ­նե­լուն մա­սին է: Այս­պէս, Ատր­պէյ­ճա­նին պի­տի յանձ­նուին Ֆի­զու­լին ե­ւ Աղ­տա­մը, իսկ Ճեպ­րա­իլ, Զան­կե­լան, Քու­պաթ­լու եւ Քար­վա­ճառ շրջան­նե­րէն ո­րոշ հա­տուած­ներ նոյն­պէս պի­տի անց­նին Պա­քուի տի­րա­պե­տու­թեան տակ: Բա­ցի այս յանձ­նում­նե­րէն Լա­չի­նի անց­քը պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ հայ­կա­կան կող­մին տի­րա­պե­տու­թեան տակ: Հո­ղա­յին այս խնդիր­նե­րէն զատ պայ­ման պի­տի դրուի, որ Ղա­րա­բա­ղէն հե­ռա­ցած բո­լոր գաղ­թա­կան­նե­րը վե­րա­դառ­նան եւ Ատր­պէյ­ճան պի­տի ճանչ­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը: Ա­պա խա­ղաղ շրջան մը բո­լո­րե­լէ ետք տե­ղի ու­նե­նայ հան­րա­քուէ՝ վճռե­լու հա­մար հայ­կա­կան ղա­րա­բա­ղեան տա­րած­քի վերջ­նա­կան ճա­կա­տա­գի­րը: Այս բո­լո­րը բնա­կա­նա­բար պի­տի կա­տա­րուին խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ եւ այդ խա­ղա­ղու­թեան ամրպնդ­ման մէջ կա­րե­ւոր դեր պի­տի ստանձ­նեն մի­ջազ­գա­յին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւն վա­յե­լող խա­ղա­ղա­պահ ու­ժեր:

Հիմ­նա­կա­նին մէջ ա­սոնք են Քա­զա­նի մէջ ե­ղած քննար­կում­նե­րուն դրուած հա­մա­ձայ­նու­թեան կէ­տե­րը, ո­րոնք մնա­ցած են միայն գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու դռնե­րու ե­տին:

Հի­մա հարց կը ծա­գի, թէ ինչ փո­խուած է այ­սօր, որ հինգ տա­րի ա­ռաջ սոյն ա­ռա­ջար­կը մեր­ժած Պա­քուն այ­սօր վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ իր կե­ցուած­քը եւ ըն­դու­նի այս ձե­ւա­չա­փի ա­ռա­ջարկ:

Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ մին­չեւ այս պա­հը յստակ չեն Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­լիք ծրագ­րին հիմ­նա­կան կէ­տե­րը, սա­կայն հայ­կա­կան կող­մին մօտ, բա­ցա­յայտ վրդով­մունք կայ Ատր­պէյ­ճա­նին, ո­րե­ւէ տա­րածք յանձ­նե­լուն վե­րա­բե­րեալ: Բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը կը հնչեն ա­ռա­ւե­լա­բար ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ, սա­կայն չէ բա­ցա­ռուած, որ դժգո­հու­թիւ­նը ա­ւե­լի հա­մընդ­հա­նուր պատ­կեր մը ստա­նայ, ե­թէ յստակ դառ­նան հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­պուած նա­խա­պայ­ման­նե­րը:

Այս ծի­րին մէջ կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում կը կա­տա­րէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան խմ­­բակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ա­ղուան Վար­դա­նեան: Ան A1+ կա­յա­նին խօ­սե­լով կ­­՚ը­սէ, թէ ոչ միայն ան­տե­ղի, այլ ա­նի­մաստ է հո­ղեր յանձ­նե­լու թե­մա­յին մա­սին խօ­սի­լը, ո­րով­հե­տեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մին­չեւ այս պա­հը յստակ պատ­կեր չկայ: Այ­սինքն՝ Մոս­կուա­յի կող­մէ սե­ղա­նին դրուե­լիք հա­մա­ձայ­նու­թեան ծրա­րը տա­կա­ւին կը մնայ մու­թի մէջ:

Շրջա­նա­յին մէ­կէ ա­ւե­լի վեր­լու­ծող­ներ կը գրեն, որ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի այս փու­լը պի­տի յատ­կան­շուի Մոս­կուա­յի շեշ­տա­կի ներ­կա­յու­թեամբ եւ վճռա­կան խօս­քով: Մոս­կուա­յի Կով­կա­սի մէջ դե­րին ա­ճին ա­մե­նէն կա­րե­ւոր նա­խադ­րեա­լը պա­տե­րազ­մի վեր­ջին «ռաուընտ»ին 5 Ապ­րի­լին Քրեմ­լի­նի կող­մէ գոր­ծադ­րու­թեան դրուած հրա­դա­դա­րի ա­ռա­ջարկն էր, որ ա­ռա­ջարկ ըլ­լա­լէ ան­դին հրա­մա­նի բնոյթ կը կրէր: Պա­քու իր ու­նե­ցած ծանր վնա­սէն ետք, իսկ Ստե­փա­նա­կերտ եւ Ե­րե­ւան հա­կա­ռակ ի­րենց ու­նե­ցած զի­նուո­րա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն եւ գետ­նի վրայ նոր ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծե­լու ու­նա­կու­թեան, կը հա­մա­ձայ­նէին խմել Մոս­կուա­յի «լե­ղի բա­ժակ»էն: Պարզ է նաեւ, որ Լաւ­րո­վի Ե­րե­ւան տա­լիք այ­ցը իր կա­րե­ւոր ար­ձա­գանգ­նե­րը պի­տի ու­նե­նայ: Ռու­սա­կան «Քո­մեր­սանտ» նոյն­պէս կը գրէ, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջի­կայ փու­լը պի­տի ըլ­լայ բա­ւա­կա­նին դժուար եւ բարդ փուլ մը: Խօ­սե­լով Ե­րե­ւա­նի մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին՝ կա­րե­լի է ը­սել, որ սպա­սո­ղա­կան վի­ճակ մը ե­րե­ւե­լի է: Մինչ տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ ուղ­ղուած քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու ռիթ­մը կը դան­դա­ղի, ան­դին բո­լոր կող­մե­րը կը փոր­ձեն Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին լռե­լեայն նե­ցուկ մը ցոյց տալ: Բնա­կա­նա­բար կան կող­մեր, ո­րոնք այս ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցու­մով չեն ա­ռաջ­նոր­դուիր, սա­կայն այդ կող­մե­րը գետ­նի վրայ կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը չու­նին:

Ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը իր բո­լոր տար­րե­րով կը սպա­սէ ա­կանջ տալ Մոս­կուա­յի կող­մէ ըլ­լա­լիք ա­ռա­ջար­կին, ու ան­կէ ետք է միայն, որ պի­տի բնո­րո­շուի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քի ի­րա­կան պատ­կե­րը: Նա­խա­գահ Սարգ­սեան պի­տի կա­րո­ղա­նայ ու­ժե­ղի դիր­քով նստի՞լ Իլ­համ Ա­լիե­ւի դի­մաց: Ա­հա այս է հար­ցու­մը: Ար­ցա­խի հար­ցով Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի մե­ծա­մաս­նու­թեան նե­ցու­կը վա­յե­լող նա­խա­գա­հին հա­մար կա­րե­ւոր եւ վճռա­կան օ­րե­րու կը սպա­սուին: Ու ան­շուշտ գա­լիք բո­լոր գոր­ծըն­թաց­նե­րը կա­պուած պի­տի ըլ­լան Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի շուր­թե­րէն հնչե­լիք ա­ռա­ջարկ­նե­րուն: Այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րուն հիմ­նա­կան մա­սը պի­տի ը­սուի Բաղ­րա­մեան 26-ի ներ­քին պա­տե­րէն ներս ու վստա­հա­բար այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րուն ստեղ­ծե­լիք մթնո­լոր­տը պի­տի տա­րա­ծուի ամ­բողջ Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար գերխն­դիր է, որ­պէս ի­րա­ւա­կան կողմ մաս­նա­կից ըլ­լալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջի­կայ փու­լին: Այս ա­ռու­մով նոյն­պէս հիմ­նա­կան բա­նա­լին կը գտնուի ռու­սա­կան կող­մին մօտ, որ ա­մէն գնով պէտք է հա­շուի առ­նէ հայ զի­նուոր­նե­րուն խի­զախ կե­ցուած­քը եւ ա­նոնց թա­փած ա­րեան վա­ւե­րա­կա­նու­թիւ­նը:

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը շատ բան պի­տի ը­սեն Մոս­կուա­յի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­լիք ա­ռա­ջար­կին մա­սին: Կը մնայ սպա­սել ա­ռանց ա­ւե­լորդ գրգռու­թիւն­նե­րու կամ հա­կա­ռու­սա­կան հիս­թէ­րիա­յի: Չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մը իր սաղ­մին մէջ խեղ­դած Քրեմ­լի­նը, այ­սօր կը պատ­րաս­տուի դի­ւա­նա­գի­տա­կան միա­ւոր­ներ կու­տա­կել Կով­կա­սի մէջ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման փոր­ձե­րով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016