ՌԱՄԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՌԱԿ) Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած վե­րա­կանգ­նու­մի ու վե­րա­միա­ւոր­ման շարժ­ման ե­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վը հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Այս առ­թիւ կու­սակ­ցու­թեան յա­ռա­ջա­տար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րով ամ­փո­փե­ցին հա­մա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը։ Ա­սու­լի­սի հիմ­նա­կան ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Ե­րուանդ Ա­զա­տեան, Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեան, Յակոբ Գասարճեան եւ Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան։

Մինչ այդ, ՌԱԿ-ի կող­մէ բազ­ման­դամ պա­տուի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կու­սակ­ցա­կան պա­տուի­րա­կու­թեան հետ տե­սակ­ցե­ցաւ Մայ­րա­վան­քի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» մա­տե­նա­դա­րա­նի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ։ Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան Նո­րին Սրբու­թեան ներ­կա­յա­ցուց Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­գու­մա­րին շրջագ­ծով ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տան­քը։ Ան ընդգ­ծեց, թէ հա­մախմբ­ման հիմ­նա­կան նպա­տակն է լու­ծում­ներ գտնել՝ յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար կու­սակ­ցու­թե­նէն ներս յա­ռա­ջա­ցած խնդիր­նե­րը եւ հաս­տա­տել վերջ­նա­կան միաս­նա­կա­նու­թիւն, ե­տին թող­լով պա­ռակ­տու­մը։ Ա­ւե­տի­քեան ընդգ­ծեց, որ կու­սակ­ցու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը անմ­նա­ցորդ նուի­րում ու սէր ու­նին Հա­յաս­տա­նի, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ ա­նոր ազ­գըն­տիր գա­հա­կա­լին նկատ­մամբ։ Ա­ւե­տի­քեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ հա­մայն հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը օ­րէ օր կը զար­գա­նայ ու կը բար­գա­ւա­ճի՝ շնոր­հիւ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի ի­մաս­տուն եւ ազ­գա­շէն գոր­ծու­նէու­թեան։

Իր կար­գին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ող­ջու­նեց ՌԱԿ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Ան կա­րե­ւո­րեց կու­սակ­ցու­թեան պատ­մա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս եւ ա­նոր ան­սա­կարկ նուի­րու­մը՝ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գնա­հա­տեց նաեւ ՌԱԿ-ի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք մշտա­պէս զօ­րա­վիգ ու ա­ջա­կից են Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը անդ­րա­դար­ձաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ Ար­ցախ կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան։ Ան ընդգ­ծեց, որ Ար­ցա­խի մէջ ա­կա­նա­տես ե­ղան մար­տիկ­նե­րու քա­ջու­թեան ու սխրան­քին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի միաս­նա­կան ո­գիի դրսե­ւոր­ման։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նոյն միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը մաղ­թեց նաեւ ՌԱԿ-ի ան­դամ­նե­րուն՝ յոյս յայտ­նե­լով, որ ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թիւ­նը ուժ պի­տի գտնէ իր մէջ միա­ւո­րուե­լու եւ առ­կայ խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հար­ցին մէջ։

Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016