1915-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԸ

«Tert.am» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-

1915։ Ան­ցեալ տա­րի 100-րդ տա­րե­լիցն էր։ Մէկ դա­րը քիչ չէ՝ ե­ղա­ծը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար։ Ու այդ ի­մաս­տով, այս տա­րին ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է, քան ան­ցեալ տա­րին, այս տա­րուան Ապ­րի­լի 24-ին պի­տի ե­րե­ւայ՝ մենք Ե­ղեռ­նը յաղ­թա­հա­րած ենք, թէ չէ։

Յաղ­թա­հա­րե­լու ճա­նա­պար­հը մոռ­նա­լը չէ, այլ ճիշդ յի­շե­լը։ Թէ ին­չո՛ւ ե­ղաւ այն, ինչ որ ե­ղաւ։ Գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը։ Թուր­քե­րու բար­բա­րո­սու­թիւ­նը չէր գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը։ Ոչ ալ մեր թու­լու­թիւնն էր՝ «այն­քան թոյլ էինք մեզ կո­տո­րե­ցին»։ Ե­թէ մենք այն­քան թոյլ ըլ­լա­յինք, որ թուր­քե­րու հա­մար վտանգ չներ­կա­յաց­նէինք, մեզ վե­րաց­նե­լու կա­րի­քը զգա­լի չէր ըլ­լար։ Հա­յերս ուժ էինք Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ։ Թուր­քե­րը տե­սան մեր ու­ժը եւ այդ ու­ժի սլա­քը ի­րենց դէմ ուղ­ղուած էր։ Կապ չու­նի՝ մեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ պե­տու­թիւն ստեղ­ծե­լու ծրա­գիր ու­նէին, թէ չէ, ե­թէ նոյ­նիսկ այդ ժա­մա­նակ չու­նէին, ա­պա­գա­յին կ՚ու­նե­նա­յին՝ ու­ժը կար։ Թուր­քե­րը տե­սան մեր ու­ժը եւ հիմ­քէն վե­րա­ցու­ցին, նախ­քան մենք հաս­նէինք այդ ու­ժը կազ­մա­կեր­պել։ Այդ էր գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը՝ այն, որ մենք մեր ու­ժին տէր կանգ­նիլ չկա­րո­ղա­ցանք։ Ու կորսն­ցու­ցինք Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նը։

Այդ ա­մէն ին­չը դար մը ա­ռաջ էր։ Ե­ղեռ­նին յա­ջոր­դե­ցին Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան եր­կու տա­րի­նե­րը, յե­տոյ Սո­վե­տա­կան Միու­թեան տաս­նա­մեակ­նե­րը։ Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը փաս­տօ­րէն տա­կա­ւին կար­գին չծնած մա­հա­ցաւ։ Իսկ սո­վե­տա­կան տա­րի­նե­րը, պե­տա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով, ընդ­միջ­ման տա­րի­ներ էին, նաեւ՝ ու­ժա­նիւթ հա­ւա­քե­լու տա­րի­ներ։ 1988-ին այդ ու­ժա­նիւ­թը պայ­թե­ցաւ։ Եւ Սո­վե­տա­կան Միու­թեան ա­ւե­րակ­նե­րուն վրայ 1991 թուա­կա­նին ստեղ­ծուե­ցաւ ներ­կայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տան նոր պե­տու­թեան ստեղծ­ման ա­ռա­ջին իսկ տա­րի­նե­րը պա­տե­րազ­մի տա­րի­ներ էին եւ այդ պա­տե­րազ­մին մէջ մենք յաղ­թե­ցինք։ Յե­տոյ կարգ մը բա­ներ սխալ ըն­թա­ցան։ Յաղ­թա­նա­կը մոռ­ցուե­ցաւ։

Մեր յաղ­թա­նա­կը մոռ­նալ վտան­գա­ւոր է։ Վտան­գա­ւոր է եր­կու ա­ռու­մով։ Նախ, ե­թէ յաղ­թա­նա­կը կը մոռ­նաս, երկ­րիդ մէջ տի­րող մթնո­լոր­տը, ինք­նավս­տա­հու­թեան ու լա­ւա­տե­սու­թեան փո­խա­րէն, կը լե­ցուի ժխտա­կա­նու­թեամբ ու յո­ռե­տե­սու­թեան. բան մը, ո­րուն բո­լո­րին ա­կա­նա­տես ենք։ Բայց ա­ւե­լի մեծ վտանգ մըն ալ կայ։ Ե­թէ մենք մոռ­նանք մեր սե­փա­կան յաղ­թա­նա­կը, այդ չի նշա­նա­կեր, որ մեր հա­կա­ռա­կորդն ալ պի­տի մոռ­նայ զայն։ Չէ, պի­տի յի­շէ։ Պար­տու­թիւնն ու կո­րուս­տը անհ­նար է մոռ­նալ։ Մեր հա­կա­ռա­կոր­դը պի­տի յի­շէ կո­րուս­տը եւ պի­տի փոր­ձէ ետ բե­րել։ Ու­րեմն պէտք է տէր կանգ­նիլ յաղ­թա­նա­կին։

Յաղ­թա­նա­կին տէր կան­գիլ՝ կը նշա­նա­կէ որ­պէս պե­տու­թիւն հա­մար­ժէք ըլ­լալ այն յայ­տին, զոր ներ­կա­յա­ցու­ցած ես։ Ա­տըր­պէյ­ճա­նի դէմ տա­րած մեր յաղ­թա­նա­կը այս տա­րած­քաշր­ջա­նի ու­ժեղ պե­տու­թիւ­նը ըլ­լա­լու յայտն էր։ Ման­կամ­տու­թիւն կ՚ըլ­լայ մոռ­նալ այդ մա­սին։ Ե­թէ մենք նոյ­նիսկ մոռ­նանք, մեր կող­քին­նե­րը կը յի­շեն։ Ու­րեմն պէտք է տէր կան­գինք մեր յայ­տին եւ ա­ռա­ջին քայ­լը ը­րած ըլ­լա­լով, ը­նենք նաեւ երկ­րոր­դը՝ կա­ռու­ցենք այդ ու­ժեղ պե­տու­թիւ­նը։ Ու­րիշ տար­բե­րակ չկայ։ Ու­րիշ տար­բե­րա­կը ա­ղէտն է։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 23, 2016