ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ Երեւանէ ներս շրջայցի պէտք է սկսի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նունէ Սարգսեան առաջին պաշտօնական այցը տուաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան։ Այս նախընտրութիւնը ան հիմնաւորեց՝ ամբողջ հայութեան տեսակէտէ թանգարանի գոյութեան ներկայացուցած կարեւորութեան։ «Կը կարծեմ, թէ այս թանգարանի գոյութիւնը եւ պահպանումը շատ կարեւոր է մեր ամբողջ ազգին համար։ Պատմութիւնը մեր ազգի, ներկայի հիմքն է։ Փափաքեցայ անգամ մը եւս զգալ այս հպարտութիւնը՝ տեսնելով մեր հնութիւնները։ Հազարամեակներու թողածը իսկապէս հոյակապ է», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ինք իսկապէս շատ կը սիրէ թանգարանները։

Նունէ Սարգսեան վերջին անգամ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան այցելած էր 2001-ին։ Ան այդ այցելութենէն յիշեց՝ թանգարանի այդ ժամանակուան տնօրէն Անելկա Գրիգորեանի հետ ունեցած զրոյցը։ Այդ զրոյցը եղած էր երկար ու կազմուած էին ծրագրեր։ Նունէ Սարգսեան նկատեց, որ իր վերջին այցելութենէն ի վեր շատ բան չէր փոխուած։ «Ես ուրախ եմ, թէ թանգարանը ունի լաւ տեսք եւ մենք հպարտօրէն կրնանք մեր երկրի հիւրերը բերել այստեղ։ Նոր երկիր կատարուած այցելութիւն մը կը սկսի պատմութեան իմացութենէն։ Ես կը կարծեմ, թէ իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ իր Հայաստան այցելութեան պէտք է սկսի այս իսկ թանգարանէն», ըսաւ Առաջին տիկինը։

Հարկ է նշել, որ Նունէ Սարգսեան արուեստի եւ արհեստի սիրահար մըն է։ Ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ ամէն ինչի մէջ կը փորձէ գտնել գեղեցիկը։ «Եւ այն, ինչ ըրած են անցեալի մէջ մեր արուեստագէտները, իսկապէս հոյակապ է։ Եթէ Փիքասսօ կենդանի ըլլար, շատ պիտի նախանձէր», ըսաւ Նունէ Սարգսեան։ Մասնագիտութեամբ ըլլալով արուեստագէտ՝ ան դժուարացաւ առանձնացնել արւեստի ամենասիրելի ճիւղը։ «Ամէն ինչի մէջ ես կը տեսնեմ բանականութիւն, պատճառ, հիմք եւ գեղեցկութիւն», ըսաւ ան։

Խօսելով նախագահին աջակցելու եւ իր անհատական ծրագրերու մասին՝ Նունէ Սարգսեան ըսաւ, որ տակաւին նոր սկսած են աշխատանքի։ «Տակաւին պէտք է քննարկենք բոլորը եւ ես՝ որպէս նախագահի կին, պէտք է իրեն աջակցիմ՝ ժպտալով, սիրելով ու օգնելով՝ ինչպէս իւրաքանչիւր կին կ՚ընէ։ Անհատական ծրագրերը, իմ գործունէութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ են», նշեց Նունէ Սարգսեան եւ խոստացաւ՝ երբ ամէն ինչ պատրաստ ըլլայ, անպայման տեղեկացնել նաեւ անոնց մասին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018