«ՔՈՐՈՆԱ»Ն ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ. Ի՞ՆՉ ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ

Լիբանանի մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական դրութիւնը բաւականին ծանր էր, երբ քորոնա վարակը, անկոչ հիւրի պէս հասաւ Պէյրութ։

Երկիր մը, որ ցայսօր ալ կանգնած է տնտեսական մեծ փլուզման վտանգներուն առաջ եւ հակառակ առկայ զանազան երեւելի եւ աներեւոյթ պատժամիջոցներու, կարողացաւ լաւ օրինակ մը դառնալ ոչ միայն իր մօտիկ շրջապատին, այլ՝ նոյնիսկ հեռաւոր ափերու բնակիչներուն։

Այս խօսքին ամենէն վառ ապացոյցներէն պէտք է համարել Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի մէկ դասախօսին պարագան, որ խօսելով հանրայայտ CNN կայանին՝ նկատել տուած էր, թէ ինք, մասնաւորապէս քորոնայի այս ժամանակներուն, կը նախընտրէ Պէյրութ մնալ եւ հրաժարիլ ԱՄՆ-ի կառավարութեան տուած բոլոր դիւրութիւններէն՝ վերադառնալու համար իր երկիրը՝ Ամերիկա։

Ի դէպ, ընկերային ցանցերու վրայ լայն տարածում ունեցող այս լուրը արկի մը պէս կը պայթէր եւ զարմանք կ՚առթէր բոլոր անոնց, որոնք մինչ այդ կը մտածէին, թէ «Լիբանանը արդէն վերջացած երկիր է». աւելի հեռու երթալով կը դիտարկէին, որ «Կառավարութիւնը մինչեւ հիմա չկարողացաւ տնտեսական խնդիրները լուծել, ապա ինչպէս պիտի կարողանայ քորոնային դէմ պայքար մղել...»։

Սակայն իրականութիւնը այլ էր ու այսօր քորոնա վարակի Պէյրութ հասնելէն շուրջ քառասուն օր անց, Լիբանանի մէջ վարակակիրներու թիւը կը կազմէ՝ 673, մահացութիւններունը՝ 21։ Այս արդիւնքը տարբեր դիտանկիւններէ նայուած ցոյց կու տայ, որ վարչապետ Հասան Տիապի կառավարութեան տարած ճիգերը տուած են իրենց բարի պտուղը։

Գիտենք, թէ որքան խիտ բնակչութիւն ունի Լիբանանը, ուր վերջին հաշուարկներով երկրին մէջ կ՚ապրին աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի փախստականներ, իսկ 40-ականներէն ի վեր Լիբանան «հաստատուած» պաղեստինցիներուն թիւն ալ կը գնահատուի առնուազն 800 հազարով։

Ու անկախ թիւերու ընդհանուր ճշգրտութենէն (պարզ անոր համար, որ այս թիւերը եւս կը քաղաքականացուին), հարկ է նշել, որ վեց միլիոնի հասնող եւ շատ մը շրջաններուն մէջ մեծաթիւ քաղաքացիներու, փախստականներու եւ բնակչութեան խտութիւն ունեցող քաղաքներու գոյութեամբ՝ Լիբանանի մէջ քորոնայով վարակուածներու թիւը սարսափեցնող, կամ մտահոգող չէ։ Ասոր վրայ անշուշտ պէտք է աւելցնել այն փաստը, թէ վերջին տուեալներով օրական դրութեամբ նոր հիւանդներու թիւը չ՚անցնիր երկու-երեքը, ինչ որ ցոյց կու տայ նաեւ, թէ յառաջիկայ օրերուն երկիրը կամաց-կամաց դուրս պիտի գայ արտակարգ դրութեան պայմաններէն ու վերադառնայ բնականոն հունի։

Այստեղ չմոռնամ նշելու, որ երբ վարակը սկսած էր մեծ աճ արձանագրել՝ լիբանանցիներու կարեւոր մէկ տոկոսը չուզեց անսալ կառավարութեան տունը մնալու յորդորներուն, որու աւարտին ալ կառավարութիւնը ստիպուած եղաւ կտրական քայլեր առնել՝ սահմափակելով մանաւանդ քաղաքացիներու շրջագայութիւնը եւ վերացնելով քաղաքացիներու իրարու հետ շփման մէջ գտնուելու վտանգները։

Այս միջոցներէն բացի, երեւելի ու շեշտակի դեր ունեցան երկրի զանգուածային լրատուամիջոցները, որոնք յաճախ իրենց հրապարակումներով ոչ թէ միայն խուճապ ստեղծեցին, այլեւ տարածեցին այնպիսի տեսանիւթեր, որոնց ճամբով ալ պարզ քաղաքացին հասկցաւ, որ խնդիրը լուրջ է եւ ճիշդ քայլ կ՚ըլլար, եթէ իրենք մեկուսանային ու փակուած մնային իրենց տուներուն մէջ։

Հոս եւս յստակ դարձաւ, թէ Լիբանանը ունի գիտակից հասարակութիւն, որուն մեծ տոկոսը «թքած չունի» այս հրէշաւոր վարակին վրայ եւ անհոգ ու կարգազանց հասարակութիւն մը չէ, ինչպէս կը կարծուէր շատ-շատերու կողմէ։

Պետութիւններու, կառավարութիւններու, կառավարական համակարգերու մօտեցումները մէկդի եւ հասարակութիւններու, քաղաքացիական շարժումներու, անհատ մարդոց գործողութիւնները այլ կողմ։ Այսինքն, եթէ պետական մարմինները փորձեն ամէն ձեւով արգելակել վարակի տարածումը, անոնք պիտի չյաջողին իրենց գործին մէջ, եթէ հասարակ քաղաքացին ականջ չտայ այդ անհրաժեշտ յորդորներուն ու փողոց դուրս գալով փորձէ վարուիլ ու ապրիլ այնպէս, ինչպէս կ՚ընէր նախքան վարակի գոյութիւնը։

Վարակը վաղը կը սահի կ՚երթայ, կը հեռանայ, կամ նոյնիսկ կը շարունակէ մեր հետ ապրիլ, մեզի «ընկերանալ» ու քիչ մըն ալ վարակել, այդ բոլորը կան ու շատ յստակ է, որ վարակի թելադրած կանոնները պիտի ըլլան բաւականին նոր կանոններ, որոնք կրնան հիմնապէս փոխել մեր կենսակերպը, սակայն կարեւորը այն է, որ հասարակութիւնները, պարզ մարդիկ, սովորական քաղաքացիներ ինչպէ՛ս «վարուեցան» «քորոնա երեւոյթին հետ», ինչպէ՛ս հասկցան անոր «պատգամներ»ը եւ ի՛նչ ըրին անոր դէմ պայքարելու համար։

Ապրելու համար անշուշտ եւ կեանքը շարունակելու...

Հինէն ի վեր լիբանանցիներու մասին «ստեղծարար» եւ «ապրեցնող ժողովուրդ» դրուածքները կան... ու այսօր այդ դրուածքները անգամ մը եւս իրականութիւն դարձան, որովհետեւ լիբանանցիին համար գերագոյն արժէքը՝ կեանքն է, ապրիլը, ապրումը եւ ստեղծարար ըլլալը։

Այս կանոններն են, որոնք ուսանելի պէտք է ըլլան նաեւ մեզի համար, որ յաճախ ցորենը որոմէն զանազանելու «սիրտը» չենք ունենար ու կարեւորը կը զոհենք անկարեւորին ու ժամանակաւորին առջեւ։

Լիբանանը լաւ օրինակ է, դաս քաղենք այդ օրինակէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020