ԱՆԽԱԽՏ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ապրիլ 23-ի Ազգային գերակայութեան եւ մանկանց տօնին առթիւ այսօր մեծ խանդավառութիւն կ՚ապրուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ 0րուան տօնին առընթեր, այսօր կը նշուի նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը։ Թէեւ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով արտասովոր կացութիւն կը տիրէ երկրին մէջ եւ տօնակատարութիւնները առանց ժողովրդական մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենան, սակայն այդ սահմանափակումները ստուեր չեն ածեր տօնական խանդավառութեան վրայ։ Ժողովուրդը տոգորուած է իսկապէս մեծ ոգեւորութեամբ։ Այս հանգամանքի շօշափելի ապացոյցն է, որ առանց տունէն դուրս գալու տօնական խանդավառութիւնը ըմբոշխնելու ձեւեր գտնուած են։ Այդ խորհրդանշական խորհրդակատարութիւններուն վրայ կու գան աւելնալ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումները եւ տեղ գտած խորհրդածութիւնները կամ լսատեսողական առարկաները։ Համաճարակի արտասովոր մթնոլորտը թէեւ պարտադրած է անսովոր տօնակատարութիւններ, սակայն 23 Ապրիլի խորհուրդը այսօր կը թեւածէ ամբողջ երկրին մէջ։ Դար մը անց, 23 Ապրիլը երկրին մէջ կը տօնախմբուի վերանորոգ պատգամով, որ իր մէջ կը պարփակէ մեծ հրճուանք մը։ Այդ հրճուանքը ձեւական ըլլալէ հեռու է եւ առաջին հերթին ծնունդ կ՚առնէ Թուրքիոյ մէջ անխախտ միասնականութեան մթնոլորտի ամրապնդումով։

Բոլոր ազգային տօներուն նման, այս անգամ եւս ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Երկիրը կը վերանորոգէ նաեւ իր գիտակցութիւնը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ազգային միասնականութեան, աշխարհավար ու ժողովրդավարական համակարգի պահպանման ուղղութեամբ։

0րուան տօնին առթիւ պետական աւագանին ալ հրապարակած է շնորհաւորական պատգամներ՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողանի։

Մինչ այդ, Ազգային մեծ ժողովը այսօր յատուկ նիստ մը կը գումարէ՝ իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի կարգադրութեամբ՝ այս յատուկ ժողովը կ՚իրականանայ համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտի սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020