ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՏԵՍԱՔՈՆՖԵՐԱՆՍ

Համաշխարհային օրակարգի թիւ մէկ խնդիրը թէեւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարն է, սակայն դիւանագիտական աշխատանքները հարիւր տոկոս կանգ չեն առած՝ միջազգային միւս հարցերուն կապակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ Թուրքիոյ տեսակէտէ առանցքային նշանակութիւն ունի Սուրիոյ տագնապը։ Համաճարակէն առաջ միջազգային օրակարգի վրայ բաւական հրատապ հարց մը դարձած էր Իտլիպի կացութիւնը՝ այնտեղ ստեղծուած մարդասիրական աղէտով հանդերձ։ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համաձայնութեամբ հրադադարի պայմանաւորուածութիւն մը գոյացած էր։ Առաջին իսկ պահէն գործադրութիւնը թէեւ կ՚ընթանար կաղացումներով, սակայն գոնէ այդ փուլին կարելի եղած էր կանխել մարդասիրական աննկարագրելի աղէտը։ Նման իրավիճակ մը կը տիրէր, երբ վրայ հասաւ համաճարակը։ Անգարա ընթացքին հետեւողականօրէն Իտլիպի իրադարձութիւնները առարկայ դարձուց անմիջական ուշադրութեան՝ մինչ թրքական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ հիւսիսին։ Կառավարութեան վերջին ժողովի ընթացքին ալ արծարծուած էր Սուրիոյ տագնապը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նիստի ընթացքին խիստ արտայայտութիւններով թիրախաւորած էր Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի վարչախումբը։ «Աշխարհի եւ մեր երկրի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է համաճարակի դէմ պայքարի վրայ։ Կը նկատենք, որ այս պարագան չարաշահելով Սուրիոյ վարչախումբը Իտլիպի մէջ թափ տուած է իր նախայարձակ քայլերուն։ Թուրքիա հաւատարիմ կը մնայ մարտի 5-ին Ռուսաստանի հետ հասած համաձայնութեան, սակայն տեղի պիտի չտայ վարչախումբի նախայարձակ ընթացքին։ Վարչախումբը կ՚ոտնահարէ հրադադարն ու համաձայնութեան միւս պայմանները։ Եթէ այսպէս շարունակուի, ան շատ ծանր կորուստներով փոխարժէք մը պիտի վճարէ։ Նոյն ձեւով, պիտի չհանդուրժենք նաեւ այն մութ կազմակերպութիւններուն, որոնք կը ջանան խափանարարել Իտլիպի հրադադարի կլիման», ըսած էր Էրտողան ժողովի ընթացքին։

Անգարայի կողմէ հնչեցուած այս ահազանգի պայմաններուն ներքեւ երէկ Իտլիպի կացութեան շուրջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ կարեւոր քննարկում մը։ Այսպէս, Աստանայի ձեւաչափին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու տեսաքոնֆերանսը։ Եռակողմանի քննարկման ժամանակ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Թուրքիոյ ակնկալութիւնները յանձնեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ  Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի նկատառման։ Սուրիոյ տագնապի եւ Իտլիպի կացութեան շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն առընթեր, նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ ձեռնարկուած պայքարի մասին։

Եռակողմանի տեսաքոնֆերանսը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Անգարա յստակօրէն ընդգծէ իր անհանգստութիւնը՝ Դամասկոսի իշխանութիւններուն կողմէ Իտլիպի եւ շրջակայքին կատարուած զօրքի կուտակումներուն բերումով։ Անգարա ցայսօր քանիցս Մոսկուան եւ Թեհրանը տեղեակ պահած է՝ Սուրիոյ վարչախումբին կողմէ կատարուած հրադադարի խախտումներուն շուրջ։ Իսկ Դամասկոսի իշխանութիւնները այդ բոլորը կը պատճառաբանեն արմատական տարրերու կողմէ զէնքերու չթողուած ըլլալուն բերումով։ Մնաց որ, անոնք չեն հեռացած նաեւ Մ-4 մայրուղիի հիւսիսէն եւ հարաւէն։

Այս շրջանին Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան սահմանման ուղղեալ աշխատանքներն ալ կը շարունակուին եւ այս նիւթն ալ քննարկման առարկայ դարձած է երէկուան տեսաքոնֆերանսին ընթացքին։

Միւս կողմէ, Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը պատրաստուին համատեղ հինգերորդ հերթապահութիւնը իրականացնել Մ-4 մայրուղիին վրայ՝ ցամաքային եւ օդային զօրքերու տարրերով։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2020