ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՆՈՐ ՏԵԼՀԻ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ժայշանքարի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան քորոնաժահրի համաճարակի տարածմամբ պայմանաւորուած մարտահրաւէրներուն եւ անոր հետեւանքով յառաջացած ընկերա-տնտեսական հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ ազգային մակարդակի վրայ ձեռնարկուած քայլերուն։ Զօհրապ Մնացականեան զօրակցութիւն յայտնեց Հնդկաստանի բարեկամ ժողովուրդին՝ համաճարակի եւ անոր հետեւանքներու շուտափոյթ յաղթահարման ուղղութեամբ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը կարեւորեցին համաճարակի դէմ պայքարի մէջ միջազգային համագործակցութիւնը՝ ներառեալ փոխադարձ օգնութիւնը, փորձառութեան փոխանակումը։ Նախարարները նոյնպէս կարեւորեցին քաղաքացիներու եւ յատկապէս ուսանողներու՝ իրենց երկիրները անարգել եւ ապահով տեղափոխումը։ Յանուն Հայաստանի կառավարութեան, Զօհրապ Մնացականեան Հնդկաստանի իշխանութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ առողջապահական եւ այլ բնագաւառներէն ներս ցուցաբերուած աջակցութեան համար։
Հեռախօսազրոյցի տեւողութեան նախարարները անդրադարձան նաեւ երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակի։ Կողմերը վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ թիրախային ոլորտներու մէջ ապագայ աշխուժացման համար։ Հայաստան եւ Հնդկաստան գործնական քայլերու պիտի ձեռնարկեն այս ուղղութեամբ։
Մնացականեան եւ Ժայշանքար կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հրատապ հարցերու շուրջ։