ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ՝ ՍԾՏՀԿ-Ի ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանակներէն ներս, քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա զօրակցութիւն յայտնեց անդամ բոլոր երկիրներուն։ Այսպէս, ՍԾՏՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի թրքական պատուիրակութեան ղեկավար Ճեմալ Էօզթիւրք զօրակցութեան նամակներ ուղարկեց անդամ բոլոր երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն։ Ան ԱՔ կուսակցութեան Կիրեսունի երեսփոխաններէն է։ Նամակները ուղարկուած են Ալպանիոյ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պուլկարիոյ, Վրաստանի, Յունաստանի, Մոլտովայի, Ռումանիոյ, Ռուսաստանի, Ուքրայնոյ եւ Սերպիոյ պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ճեմալ Էօզթիւրքի զօրակցութեան նամակին մէջ նշուած է, որ համայն մարդկութիւնը պայքար կը մղէ աննախընթաց թշնամիի մը դէմ։ Էօզթիւրք երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ առողջապահական համակարգի աշխատողներուն կողմէ ցուցաբերուած զոհողութիւններուն մասին։ Ըստ իրեն, անոնք համաճարակի յաղթահարումէն վերջ պատմութեան էջերուն մէջ տեղ պիտի գտնեն՝ որպէս այս շրջանի հերոսները։ Նամակին մէջ շեշտուեցաւ, որ հասարակութիւններու, տնտեսութիւններու եւ քաղաքական համակարգերու վրայ համաճարակի ամբողջական եւ երկարաժամկէտ ազդեցութիւնը զգալի պիտի դառնայ յառաջիկայ շըր-ջանին։
Ըստ Ճեմալ Էօզթիւրքի, համաշխարհային այս տագնապը ակնյայտ է, որ վերջին տարիներու ամենամեծ մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ։ ՍԾՏՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը պարտաւոր է դիմագրաւելու այս մարտահրաւէրը։ Թէեւ սահմանափակումներու հետեւանքով երկիրներու սահմանները փակուած են, սակայն, խնդիրներու յաղթահարման համար անհրաժեշտ է թափ տալ տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային զօրակցութեան եւ համագործակցութեան։ Խորհրդարանականները նոյնիսկ այս դժուարին ժամանակաշրջաններուն չեն խուսափիր իրենց պարտականութիւնը կատարելէ։ Այս ամբողջին մէջ դրական գոր-ծադրութիւններու որպէս օրինակ՝ անդամ երկիրներու միջեւ բաժնուիլը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։
Պատգամաւոր Էօզթիւրք նամակին մէջ շեշտեց, որ ճգնաժամին յաջորդելիք շրջանին համար նախապատրաստութիւններ պէտք է կատարուին։ Ակնյայտ է, որ համաճարակէ վերջ համաշխարհային նոր իրականութիւն մը պիտի ըլլայ։ Ուստի, պէտք է նախանշուին համագործակցութեան ոլորտները եւ փութով պէտք է առնուին անհրաժեշտ քայլերը։ Այս ամբողջին մէջ Էօզթիւրք թուարկեց առողջապահութեան, առեւտուրի, տնտեսութեան, հասարակական հոգեբանութեան նման բնագաւառները ու մատնանշեց, որ այդ բոլորը պէտք է ձեռք առնուին ամբողջական ձեւով։
Ճեմալ Էօզթիւրք ընդգծեց, որ նման ձեւով առաջնորդուելու պարագային՝ ՍԾՏՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի միջազգային երեւելիութիւնը պիտի ամրապնդուի եւ տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային հարթութեան վրայ կշիռը պիտի բարձրանայ։