«ՀՈԳԻ»Ն ԴԱՓՆԵԿԻՐ

«Annie Awards» գծաժապաւէնի մրցանակաբաշխութեան առաջին հորիզոնականը գրաւած է «Հոգի»ն։ Ամերիկեան «Հոգի» (Soul) գծաժապաւէնը արժանացած է հեղինակաւոր «Annie Awards» մրցանակաբաշխութեան առաջին մրցանակին՝ դառնալով տարուայ «Լաւագոյն գծաժապաւէնը»: Այս տարի 48-րդ մրցանակաբաշխութիւնը քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով իրականացուած է առցանց ձեւաչափով:

«Հոգի»ն «Լաւագոյն գծաժապաւէնի» անուանակարգին արդէն ստացած է «Ոսկէ գունդը»: Այն առաջադրուած է նաեւ Օսքարի մրցանակին:

«Pixar» ընկերութեան գծաժապաւէնը կը պատմէ դպրոցական ուսուցիչի մը մասին, որ կ՚երազէ հանդէս գալ ճազ նուագախումբի մէջ: Երբ յաջողութեամբ կ՚անցնի լսումները յայտնի ակումբային երգչուհիի մօտ, տուն վերադառնալու ճանապարհին կ՚իյնայ դիտահորը եւ կը մահանայ: Մահանալէ յետոյ ուսուցիչի հոգին կը սկսի ճանապարհներ որոնել կեանք վերադառնալու համար:

«Annie Awards» մրցանակաբաշխութիւնը ամենայայտնիներէն է գծաժապաւէններու աշխարհէն ներս: Այն կը շնորհուի 1972 թուականէն ի վեր:

Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021