ԱՅՍՕՐ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՆՇՈՒԻ 23 ԱՊՐԻԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՆԿԱՆՑ ՏՕՆԸ
Այսօր բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ հրճուանքով կը նշուի Ապրիլ 23-ի Ազգային գերակայութեան եւ մանկանց տօնը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւնները։ Պայմանները թէեւ արտասովոր են, սակայն ոգեւորութիւնը նուազ չէ երկրին մէջ՝ հաշուի առնելով թէ՛ այս տօնին նշանակութիւնը եւ թէ ժողովուրդի՝ միասնականութեան խոր գիտակցութիւնը։ Այսօր, միեւնոյն ժամանակ կը նշուի Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձը։ Խորհրդարանի հիմնադրութեան տարեդարձները երբեք ընթացիկ չեն ընկալուիր՝ նկատի ունենալով, որ Թուրքիա ցայսօր յամառ պայքար մղած է ժողովրդավարութեան ճանապարհին եւ խորհրդարանը անոր հիմնական երաշխիքն է, ազգային կամքի արտայայտման գլխաւոր հարթակը։
Բոլոր ազգային տօներուն նման, այս անգամ եւս ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Երկիրը կը վերանորոգէ նաեւ իր գիտակցութիւնը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ազգային միասնականութեան, աշխարհավար ու ժողովրդավարական համակարգի պահպանման ուղղութեամբ։
0րուան տօնին առթիւ պետական աւագանին ալ հրապարակած է շնորհաւորական պատգամներ՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Այս առթիւ Էրտողան յիշեցուցած է, որ Ազգային մեծ ժողովը եղած է Թուրքիոյ անկախութեան պայքարի եւ գերիշխանութեան ռահվիրան։ Ան թիրախաւորուած է պետական հարուածներու, ահաբեկչական յարձակումներու կողմէ, սակայն պիտի շարունակէ մնալ այն հիմնական միջավայրը, ուր կը դրսեւորուի ազգային կամքը։ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ յառաջ կը տարուի մեծ եւ հզօր Թուրքիոյ իտէալը։ Աշխատանքները կ՚ընթանան ստեղծելու համար աւելի հզօր ու բարգաւաճ Թուրքիա մը, որով հպարտ պիտի ըլլան ապագայ սերունդները։
Նախագահ Էրտողան Ապրիլի 23-ի տօնը, միեւնոյն ժամանակ, շատ լաւ օրինակ մը համարած է թուրք ազգին կողմէ մանուկներու նկատմամբ ցուցաբերուած կարեւորութեան տեսակէտէ։ Արդարեւ, մանուկներն ու երիտասարդները երկրի անգնահատելի գանձը կը հանդիսանան։ Թուրքիա կ՚ընթանայ դէպի 2023-ի թիրախները՝ իր պատմութենէն առած ուժն ու իր զաւակներու եռանդը այսօրուայ աշխուժութեան միաձուլելով։
Նախագահ Էրտողան բիւր յարգանքով վերյիշած է Հանրապետութեան հիմնադիր եւ Ազգային մեծ ժողովի առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը ու բոլոր նահատակները։ Ան երախտագիտութիւն յայտնած է նաեւ խորհրդարանի երդիքին տակ մեր երկրին համար ծառայութիւն մատուցած բոլոր երեսփոխաններուն։