ՀՈՅԱՄՈՂԷԶՆԵՐՈՒ ԶԲՕՍԱՅԳԻ

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ պիտի բացուի հոյամողէզներու ժամանակաշրջանի ձեւագծումով «Բրիտանական Տիզնէյլանտ»։

Այս ծրագրին անդրադարձած է բրիտանական «Daily Mail» պարբերականը։ Թերթը հրատարակած է «London Resort»ի նախագծային նոր լուսանկարները եւ աւելցուցած է, որ անոնք «London Resort»ի առաջին լուսանկարներն են, ուր կ՚երեւին նախագծի մանրամասնութիւնները։ Համալիրը կոչած են «Բրիտանական Տիզնէյլանտ»։

«London Resort»ը կը կառուցուի Քենթի կոմսութեան Սուանքոմպ թերակղզիի վրայ՝ Կրեւսենթի եւ Տարթֆորտի միջեւ։ Այն պիտի բացուի 2024 թուականին։ Ըստ ներկայացուած տուեալներու, բացման առաջին քսանհինգ տարիներու ընթացքին զբօսավայրի եկամուտը պիտի ըլլայ մօտաւորապէս 70 միլիոն տոլար։

Զբօսավայրի մէկ անկիւնը պիտի տեղադրուի 1500 նստատեղիով շարժանկարի դահլիճ մը։ Այցելուները պիտի կարենան մասնակցիլ 4D զբօսանքներու, որոնց ընթացքին մօտէն պիտի տեսնեն սարսափազդու կենդանիներ եւ ճանապարհի որոշ մէկ հատուածը պիտի անցնին ջուրի տակով։

«London Resort»ի շինութեան պատասխանատուները նշած են, որ բացի այս զբօսանքներէն, տարածքէն ներս պիտի ըլլայ հսկայական խաղադաշտ մը, ուր երիտասարդ հնէաբաններ պիտի կարենան պեղումներ իրականացնել ու զարգացնել իրենց հմտութիւնները։ Սոյն ծրագիրը կը նախատեսուի իրականացնել մինչեւ 2038 թուականը եւ տարածքէն ներս աշխատողներու թիւը հասցնել 17 հազարի։

Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021