ՄԱՐԻԱ ԶԱԽԱՐՈՎԱ. «ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԴԷՄ Է ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԷ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ԲԱԺԱՆԱՐԱՐ ԳԻԾԵՐՈՒ ՈՒ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ իր երկիրը կողմնակից է գերիներու վերաբերեալ խնդրի կարգաւորման՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։ Ան աւելցուց, որ ռուսական կողմը վճռական ու գործօն քայլերու կը ձեռնարկէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ այս ամենազգայուն հարցին շուրջ։ «Այսպիսի քայլ մը իսկապէս բարենպաստ մթնոլորտ մը կը ստեղծէր շարք մը՝ իսկապէս կարեւոր հարցերու մէջ յառաջ երթալու համար», ըսաւ Մարիա Զախարովա։

Նախընթաց օր Ատրպէյճանի կողմէ կրակ բացուեցաւ Ստեփանակերտի վրայ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ վերջին օրերուն յայտարարեց, որ եթէ Հայաստան համաձայն չգտնուի, ապա իրենք ուժի միջոցաւ կը ստանան Զանգեզուրի միջանցքը։ Այս բոլորը յաջորդած են Պաքուի մէջ բացուած «Պատերազմական աւար» զբօսայգիի բացման։ Հայ լրագրող մը այս բոլորին կապակցութեամբ շօշափեց Մարիա Զախարովայի տեսակէտը։ Ռուս բանբերը ընդհանուր պատասխան մը տալով՝ միայն նշեց, որ զերծ պէտք է մնալ ռէօվանշիստ եւ միլիթարիստ յայտարարութիւններէ ու քայլերէ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան մթնոլորտի մը ստեղծման համար։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան եռանդուն միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ գերիներու հարցի լուծման համար՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ առաւել ուժեղ բաժանարար գիծերէն մէկը վերացնելու համար։ Պաքուի «Ռազմաւարներու պուրակ»ի մասին Մարիա Զախարովա ըսաւ. «Միթէ նման բաժանարար գիծերը կը նպաստե՞ն կարգաւորման հասնելու»։ Ըստ ռուս բանբերին՝ ռուսական կողմը կը յուսայ, թէ հակամարտ կողմերը գործնական հարցերու պարագային կը ձգտին ձեռնարկել քայլերու, որոնք ուղղուած կ՚ըլլան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ ոչ թէ նոր բաժանարար գիծերու ստեղծման։ Զախարովա յիշեցուց, որ հսկայական գին վճարուած է, մարդկային կեանքեր կորսուած են եւ այս պահը պէտք է օգտագործել խաղաղ կեանքի, ոչ թէ իրավիճակը նախկինէն աւելի շատ սրելու համար։ «Այո, մենք կրնանք շատ բաներու հետ չհամաձայնիլ։ Ինչ-որ մէկը կ՚ուզէ շարունակել պատերազմը, ինչ-որ մէկը ռէօվանշ կ՚ուզէ։ Բայց սա՞ է նպատակը։ Եւ միթէ նման բաժանարար գիծերը, նման խնդիրները կը նպաստե՞ն կարգաւորման կամ խաղաղութեան հաստատման հասնելու։ Ահա այս հարցը պէտք է տալ… Պատասխանը ակնյայտ է՝ ի հարկէ ոչ, չի նպաստեր», ըսաւ Զախարովա եւ նշեց, որ այս փուլին Մոսկուա կարեւորագոյն խնդիր կը համարէ Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ վստահութեան միջոցներու ամրապնդումը, տնտեսական դրական օրակարգի ձեւաւորումը, ինչ որ կրնայ Անդրկովկասի զարգացման հեռանկար ապահովել։

Ան անդրադարձաւ նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքը» գրաւելու Ալիեւի սպառնալիքներուն։ Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կողմերուն կոչ կ՚ուղղէ ձեռնպահ մնալ ռէօվանշի տրամադրութիւններէ եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ, որովհետեւ այդ բոլորը կրնան տարածքաշրջանը պատերազմի եզրին հասցնել։ Բանբերի խօսքով՝ ռուսական կողմը կը յորդորէ պահպանել համաձայնութիւնները։ Ան յիշեցուց, որ տարածքաշրջանէ ներս փոխադրական միջանցքներու ապաշրջափակումը եւս կը տեղաւորուի այդ համաձայնութիւններու տրամաբանութեան մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021