Երեքշաբթի 14, Յունուար 2025
ՄԻՇՏ ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Ռուսահայ գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան կը շարունակէ տեղ զբաղեցնել Ռուսաստանի ամենահարուստ անձնաւորութիւններու շարքին։ «Forbes» հանդէսը 2021 թուականի հինգերորդ համարին մէջ հրապարակեց Ռուսաստանի ամենաունեւոր 200 գործարարներու ցուցակը։ Այդ ցուցակին վրայ 46-րդ տեղը կը զբաղեցնէ «Տաշիր» հոլտինկի հիմնադիր-նախագահ Սամուէլ Կարապետեան, որու կարողութիւնը կը գնահատուի 3.3 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Անցեալ տարուայ բաղդատմամբ իր ստացուածքը 32 տոկոսով աւելցած է։ 2011 թուականէն ի վեր Սամուէլ Կարապետեան տեղ կը զբաղեցնէ «Forbes»ի կողմէ պատրաստուած ցուցակին վրայ։ Աւելի առաջ ալ ան աշխարհի միլիառատէրերու ցանկին վրայ դասուած էր՝ 925-րդ կարգի վրայ։
Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021