ՆՈՂԿԱԼԻ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Հայաստանի դիմագրաւած յետպատերազմեան ցնցումները եւ քաղաքական տագնապը իւրաքանչիւր օր կ՚ունենան անհաւատալի դրսեւորումներ։ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ, երկրէն հասած լուրերը իսկապէս ցաւալի են, թողարկուած պատկերները՝ ընդվզեցուցիչ։ Պետութիւնը անդունդի եզրէն փրկելու համար թէեւ հրամայական է ազգային միասնականութիւնը, սակայն այդ մթնոլորտէն նշոյլ անգամ չկայ, ինչ որ առաջին հերթին արկածախնդիր եւ անհեռատես իշխանութիւններու գործունէութեան անխուսափելի հետեւանքն է։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր Սիւնիքի մարզ այցելելով հրահրեց նոր գայթակղութիւն մը։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման վիճելի գործընթացի պայմաններով այս մարզը շատ խոցելի վիճակի մը մէջ յայտնուած է։ Միջոց մը առաջ Փաշինեան չէր յաջողած այցելել Սիւնիքի մարզ եւ տեղի տալով ցուցարարներու բողոքին պարտաւորուած էր Երեւան վերադառնալ։ Նախընթաց օր ան փորձեց դարձեալ Սիւնիք այցելել եւ իր անտեղի յամառութիւնը հերթական անգամ ի յայտ բերաւ իշխանութիւններու քայլերով ստեղծուած ծանր կացութիւնը։ Փաշինեան Սիւնիք մեկնեցաւ՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի համատեղ այցելութեան հետ գրեթէ նոյնաժամանակ։ Սա արդէն ինքնին վիճայարոյց երեւոյթ մըն էր։ Պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերու գրեթէ նոյնաժամանակ, սակայն իրարմէ բոլորովին անկախ այցելութիւնը արդէն կու գար վերահաստատել առկայ քաոսը։ Սիւնիքի բազմաթիւ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ Փաշինեան բողոքի եւ հակազդեցութիւններու թիրախը դարձաւ ժողովուրդի հայհոյանքներով հանդերձ։ Ասոր փոխարէն իշխանութիւնները նոյնպէս անհաւատալի քայլերու ձեռնարկեցին։ Սիւնիքի զանազան շրջաններու տեղական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն դէմ իրաւապահ մարմիններու միջոցաւ արշաւանք մը սկսաւ՝ հարցաքննութիւններով, ձերբակալութիւններով եւ այլ ճնշումներով հանդերձ։

Ստեղծուած ծանր կացութեան բերումով թէ՛ Սիւնիքի մէջ եւ թէ Երեւանի կեդրոնին վերստին թափ հաւաքեցին ընդդիմութեան ցոյցերը։ Երէկ օրուան տեւողութեան շարունակուած բողոքի ցոյցերը չդադրեցան նաեւ երեկոյեան ժամերուն։ Իրաւապահ մարմիններու եւ ցուցարարներու միջեւ հերթական անգամ լարուածութիւններ ստեղծուեցան։ Այս բոլորը եկան ա՛լ աւելի ամրապնդել՝ Հայաստանի մէջ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ ընտրութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները։

Այս մթնոլորտին մէջ երէկ իսկապէս ընդվզեցուցիչ էին նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները։ Արդարեւ, սպառած իշխանութիւնը միշտ կը զբաղի ընտրական օրէնսգիրքի մէջ կատարուած փոփոխութիւններով, որոնց վրայ դրած է իր վերարտադրութեան յոյսերը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախագահ Արմէն Սարգսեան մերժած է վաւերացնել այդ փոփոխութիւնները։ Իսկ երկրի վարչախումբէն որոշ ներկայացուցիչներ՝ ներառեալ Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան երէկ հանրութեան «բարի աւետիս» կու տային, թէ Վենետիկի յանձնաժողովը դրական գնահատած է ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները։

Յամենայնդէպս Նիկոլ Փաշինեանի ստեղծած վիճակին եւ մատնուած կացութեան վերաբերեալ պատկերը շատ յստակ է եւ անվիճելի։ Այս առումով երէկ ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտաւ նաեւ յայտարարութիւն մը, որով ամբողջ պարզութեամբ ի յայտ կու գային վարչապետի՝ դէպի Սիւնիք տխրահռչակ այցելութեան հանգամանքները։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական արժեւորումով հանդէս եկաւ երկրի ներքին քաղաքական կացութեան ու դիմագրաւած տագնապին շուրջ։ «www.ilur.am» կայքէջին վրայ հրապարակուեցաւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի խորհրդածութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Սիւնիքի մարզ կատարուած աղմկայարոյց այցելութեան կապակցութեամբ։ «Աւելի նուաստացուցիչ վիճակի մէջ չէի ուզեր տեսնել երկրիս վարչապետը», յայտնեց Լեւոն Տէր-Պետրոսեան՝ «նողկալի» որակելով Փաշինեանի Սիւնիք տուած այցելութեան դրուագներէն մին։

«Ինձ համար Փաշինեանի Սիւնեաց արշաւանքի ամենանողկալի դրուագը ուշ երեկոյեան, առանց թոյլտուութեան, իր ներխուժումն էր շուռնուխեցի կնոջ մը բնակարանը։ Աւելի նուաստացուցիչ վիճակի մէջ չէի ուզեր տեսնել երկրիս վարչապետը, որու պատկերացումը քաղաքացիի իրաւունքներու մասին, ցաւօք, չի տարբերիր ճորտատիրոջ պատկերացումէն», նշած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։

Միւս կողմէ, Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսի փոխ-նախագահը՝ Լեւոն Զուրաբեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին յայտնեց, որ կարելի էր կանխել Արցախի երկրորդ պատերազմը։ Բայց եւ այնպէս, Նիկոլ Փաշինեան փափաքած է «աշխարհի վզին փաթթել» իր սկզբնակէտը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021