ՊԱՅՏԸՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄ

Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմինը երէկ ժողով մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով հայկական հարցի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Ապրիլի 24-ի ընդառաջ միջազգային հեղինակաւոր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այս տարուայ 24 Ապրիլի պատգամին մէջ արդէն մտադիր է 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն որակելու՝ հայկական կողմի ակնկալութիւններուն ընդառաջ։ Օրերէ ի վեր Անգարայի ղեկավարութեան օրակարգին վրայ է այս հաւանականութիւնը։ Թրքական կողմը մէկ կողմէ ջանքեր կը գործադրէ իրեն տեսակէտէ նախընտրելի կացութիւն մը ստեղծելու համար, իսկ միւս կողմէ դիւանագիտական շրջանակները Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը վճռակամօրէն կը զգուշացնեն՝ Ճօ Պայտընի բառապաշարի հաւանական նախընտրութիւններուն շուրջ։

Այս բոլորէն վերջ, երէկ ալ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նիւթը քննարկուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Չանքայայի ապարանքէն ներս տեղի ունեցած ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը, որով մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան՝ քննարկումներուն ժամանակ Էրտողանի կողմէ արտայայտուած տեսակէտներուն շուրջ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահը յայտնած է, որ պիտի շարունակեն պաշտպանել ճշմարտութիւնները՝ հայոց ցեղասպանութեան սուտին եւ քաղաքական հաշուարկներով այդ զրպարտութիւնը խրախուսողներուն դէմ։

Իր կարգին, գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ անդրադարձաւ այս հարցին։ Ան կոչ ուղղեց Պայտընին, որպէսզի զերծ մնայ 1915-ի դէպքերուն ցեղասպանութեան որակումը տալէ։ «Անընդունելի է, որ պատմութիւն խմբագրեն այն անձերը, որոնք պետութիւններու պատասխանատու դիրքերուն վրայ կը գտնուին», ըսաւ Քըլըչտարօղլու եւ աւելցուց, որ 1915-ի դէպքերու՝ որպէս ցեղասպանութիւն որակումը անարդար, անտեղի եւ անիրաւ է։ Այս խօսոյթը անընդունելի է։ «Մարդկութեան պատմութեան մէջ պատերազմները միշտ պատճառ դարձած են աղէտներու եւ կորուստներու։ Դժբախտաբար Առաջին աշխարհամարտն ալ միլիոնաւոր մարդոց մահուան եւ վիրաւորման պատճառ դարձած է», ըսաւ Քըլըչտարօղլու եւ ընդգծեց, որ դէմ են ցաւերու մրցակցութեան։ Քաղաքական գործիչներու առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ անցեալի ցաւերէն դաս քաղելով ապահովել անոնց չկրկնուիլը։ Պետական գործիչները պատմութիւնը կը կերտեն, իսկ գիտնականները պատմութիւնը կը խմբագրեն։ Քըլըչտարօղլու ընդգծեց, որ այդպիսի որակում մը անփոխարինելի վնասներ պիտի յառաջացնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն։ Ուստի, ան կոչ ուղղեց, որպէսզի ամերիկեան ղեկավարութիւնը վարուի աչալրջութեամբ եւ խրախուսէ այնպիսի քայլեր, որոնք խաղաղութիւն պիտի ապահովեն Հարաւային Կովկասէ ներս։

ԱՔԱՐԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

Միւս կողմէ, Ազգային պատշպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ 24 Ապրիլի սեմին հայկական հարցին շուրջ յօդուած մը գրի առաւ «Real Clear Defense» ամերիկեան հանդէսին մէջ։ Ըստ Հուլուսի Աքարի, մերօրեայ աշխարհին մէջ պատմութենէն թշնամութիւն դուրս բերելն ու նոր հակադրութիւններ ստեղծելը ո՛չ օգտակար, ո՛չ ալ նպաստաւոր են հասարակաց ապագայ մը կառուցելու տեսակէտէ։ Առաջին աշխարհամարտի շրջանին ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական Ճէյմս Հարպորտի կողմէ գրի առնուած տեղեկագրէն մէջբերումներ ալ ըրած է Հուլուսի Աքար՝ ընդգծելով, որ այդ փաստաթուղթով աւելի խաղաղ ապագայ մը նախատեսուած է տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն համար։ Ըստ նախարարին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարէն վերջ ջանքեր կը գործադրուին դրական միջավայրի մը ձեւաւորման նպատակով եւ դաշնակիցները պէտք է նպաստեն այդ ջանքերուն։

Նոյն յօդուածին մէջ Աքար պատգամներ ալ հասցէագրած է Երեւանի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւններուն համար։ Այսպէս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անցեալ տարի հաստատուած հրադադարը կարեւոր հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ նոր էջ մը բանալու տեսակէտէ։

ՄԱԿ-ԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Տեղական մամուլը այսօր անդրադարձած է նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքի կողմէ կատարուած յայտարարութեան մը։ Այսպէս, ան օրական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ պատասխանած է հարցումի մը՝ ԱՄՆ-ի կողմէ 1915-ի դէպքերու՝ որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչման հաւանականութեան շուրջ։ «Ըստ ՄԱԿ-ի, ցեղասպանութեան որակումը պէտք է կատարուի պատշաճ դատական մարմինի մը կողմէ», ըսած է բանբերը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021