ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՇԱՐԼ ՄԻՇԵԼ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, որ մօտաւոր անցեալին Պրիւքսելի մէջ մէկտեղած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ բացառապէս երկու ղեկավար՝ Վլատիմիր Փութին եւ Շարլ Միշել մէկտեղած են Փաշինեանն ու Ալիեւը։ Փութին Մոսկուայի եւ Սոչիի մէջ կազմակերպած էր երկու գագաթաժողով, իսկ Շարլ Միշել՝ Պրիւքսելի մէջ երկու գագաթաժողով, որոնցմէ առաջինին Փաշինեան եւ Ալիեւ զրուցած էին նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հետ։
Միջազգային իրադրութեան այժմու հաւասարակշռութիւններու պայմաններով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջնորդական ջանքերը յառաջ կը տարուին մէկէ աւելի ուղղութիւններով։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը պատճառ դարձած է, որ գործնականօրէն կանգ առնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերակատարութիւնը։ Այս պայմաններուն ներքեւ մէկ կողմէ Մոսկուա Երեւանի եւ Պաքուի հետ կ՚աշխատի՝ որպէս հրադադարի յայտարարութիւնը ստորագրած երրորդ կողմ, իսկ Պրիւքսել միջնորդական զուգահեռ դեր մը կ՚իրականացնէ՝ ի դէմս Արեւմուտքի։ Այս երեւոյթը, բնականաբար, այդքան ալ հարթ վիճակ մը չ՚ենթադրեր։ Արդարեւ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նախընթաց օրուայ յայտարարութիւններուն մէջ Պրիւքսելը մեղադրած էր՝ Մոսկուայի միջնորդական ջանքերու արդիւնքները իւրացնել փորձելով։ Այդ յայտարարութիւններէն անմիջապէս վերջ, նախընթաց օր, Վլատիմիր Փութին եւ Շարլ Միշել ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այսպէս, Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին եւ Միշել խօսեցան Արցախէ ներս կայունութիւն եւ խաղաղութիւն ապահովելու շուրջ՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ երկուքն ալ վերջին շրջանին նմանաբնոյթ շփումներ ունեցած են կողմերուն հետ։ Թէ՛ Փութին եւ թէ Միշել վերահաստատեցին յետպատերազմեան պայմաններով Երեւան-Մուսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի հիմնարար համաձայնութիւններու հետեւողական իրագործման կարեւորութիւնը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Փութին տեղեկացուց տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու վերականգնման ուղղեալ ծրագրերու իրականացման հեռանկարները, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացի մեկնարկին, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման բանակցութիւնները նախապատրաստելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն մասին։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները աւելի ուշ տեղեկացուցին, որ Շարլ Միշել հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Քննարկուած են Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան աշխատանքները։ Ընկերային ցանցերու վրայ Շարլ Միշել ամփոփ գրառումով մը տեղեկացուցած է, որ Եւրոմիութիւնը նախկինին նման կը շարունակէ հաւատարմօրէն աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան։ «Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկեցինք Հարաւային Կովկասի կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի ճանապարհին յառաջխաղացման ուղղեալ նախատեսուած աշխատանքի հեռանկարները», նշած է Շարլ Միշել։ Նոյն կապակցութեամբ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ երէկուան հեռախօսազրոյցին ժամանակ քննարկուած են՝ Պրիւքսելի մէջ, ապրիլի 6-ին տեղի ունեցած Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը, տարածաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակը, Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Շարլ Միշել անգամ մը եւս ընդգծած է ԵՄ-ի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու համար Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան։
Մինչ այդ, Շարլ Միշելի հետ հեռախօսազրոյցին զուգահեռ՝ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց նաեւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Եւրոպացի պաշտօնատարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փաշինեան Քլաարի հետ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման։ Փաշինեան զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատած է Շարլ Միշելի ջանքերը, որոնք միտուած են տարածաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման եւ միջազգային միւս գործընկերներու ջանքերուն հետ կը նպաստեն տարածաշրջանէ ներս երկխօսութեան։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Պրիւքսելի վերջին եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին շուրջ։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։
Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ Թոյվօ Քլաարի հետ քննարկած է տարածաշրջանի տնտեսական ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հեռանկարները՝ Պրիւքսելի եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքի ծիրէն ներս։ Միրզոյեան եւ Քլաար անդրադարձան նաեւ Արցախի վերաբերեալ առկայ մարդասիրական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ հայ ռազմագերիներու եւ միւս պատանդներու վերադարձի հարցերուն։
Դիւանագիտական այս բանուկ երթեւեկի մթնոլորտին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովի սկիզբին ունեցած ելոյթին մէջ ալ խօսեցաւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ այժմ յառաջ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ «Բանակցութիւններու առարկայ հանդիսացած թուղթերու բովանդակութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ մեզի փոխանցուած հինգ կէտն է», ըսաւ վարչապետը։ Ըստ իրեն, այդ հինգ կէտերէն վերջ Հայաստանի տուած արձագանգն ալ բանակցային սեղանի վրայ է։ Ըստ էութեան, օրակարգը ամբողջութեամբ հրապարակային է, բոլոր թուղթերու բովանդակութիւնը հանրութեան ծանօթ է։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ
Միւս կողմէ, Իլհամ Ալիեւն ալ Շուշիի մէջ կազմակերպուած՝ Աշխարհի ատրպէյճանցիներու 5-րդ համագումարին ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ, որ 2019 թուականին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործունէութիւնը գործնականօրէն դադրեցաւ եւ պատճառը Հայաստանի նոր ղեկավարութեան չափազանց տարօրինակ ընթացքն էր։ Ըստ Ալիեւի, Փաշինեանի՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» խօսքով աւարտեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի բանակցային գործընթացը։ Խօսելով ներկայ իրավիճակին շուրջ՝ Ալիեւ Շուշիի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կը ստորագրուի՝ միայն Ատրպէյճանի կողմէ առաջարկուած հինգ սկզբունքներու հիման վրայ։