ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ 16 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 9 Ապ­րի­լին Գեր­մա­նիան ներ­կա­յաց­նող հայ կռփա­մար­տիկ Ար­թուր Աբ­րա­համ Լաս Վե­կա­սի մէջ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, իր կա­տա­րած ճա­կա­տու­մին ըն­թաց­քին մի­ջին կար­գի WBO-ի աշ­խար­հի ա­խո­յեա­նի կո­չու­մը զի­ջե­ցաւ մեք­սի­կա­ցի Խիլ­պեր­թօ Ռա­մի­րէ­զին:

Ե­րե­սուն­վեց տա­րե­կան հայ կռփա­մար­տի­կը յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լով ը­սաւ, որ մրցաս­պա­րէզ դուրս պի­տի գայ 16 Յու­լի­սին՝ Պեր­լի­նի մէջ, Գեր­մա­նիա։ Ան ը­սաւ, որ պատ­րաստ չէ հրա­ժեշտ տա­լու այս մար­զա­ձե­ւին, ո­րով­հե­տեւ ո­րո­շած է շա­րու­նա­կել իր ար­հես­տա­վարժ աս­պա­րէ­զը եւ դար­ձեալ դառ­նալ աշ­խար­հի ա­խո­յեան: Մարզական մեկնաբաններ համոզուած են, թէ Արթուր Աբրահամի բախտը նուազ չէ՝ աշխարհի ախոյենութեան տիտղոսը վերստին նուաճելու համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016