ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ
Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ առեւտուրի նոր կեդրոնի մը, որ կը կոչուի «Տաշիր Սթրիթ»։ Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 12 հազար քառակուսի մեթր ընդհանուր մակերես ունի այս համալիրը, որ կառուցուած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբին կողմէ։ Մայրաքաղաքի Հիւսիսային պողոտայի վերակառուցման ու համալիր բարեկարգման ներդրումային ծրագրի շրջանակներէն ներս բացուած է այս կեդրոնը։ 14 միլիոն ամերիկեան տոլար ընդհանուր արժէքով ներդրումային ծրագիր մը կեանքի կոչուած է՝ ինչ որ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մասնաւոր հատուածի արդիւնաւէտ համագործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն մին կը համարուի։ Կեդրոնը տեղակայուած է Հիւսիսային պողոտայի՝ հետիոտներու համար նախատեսուած գլխաւոր փողոցի ստորգետնեայ հատուածէն ներս։
«Տաշիր Սթրիթ» առեւտուրի կեդրոնէն ներս կարելի է գտնել աշխարհահռչակ վաճառանիշներու արտադրութիւնները, որոնք կը մատուցուին քաղաքի սրտին վրայ, ինչ որ առեւտուրի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ թէ՛ տեղացիներուն եւ թէ զբօսաշրջիկներուն համար։