ԵՒ ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄ

Ան­գա­րա­յի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ար­տա­հերթ հա­մա­գու­մա­րը, ո­րու ար­դիւն­քին կու­սակ­ցա­պետ ընտ­րուե­ցաւ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ։ Այս վեր­ջի­նը կու­սակ­ցա­պե­տի միակ թեկ­նա­ծուն էր եւ 1405 պատ­գա­մա­ւո­րի քուէն ա­պա­հո­վե­լով ե­կաւ կու­սակ­ցա­պե­տի պաշ­տօ­նին մէջ փո­խա­րի­նել Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն։

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ար­տա­հերթ երկ­րորդ հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայտ­նեց, թէ ոչ թէ խօ­սե­լու այլ գոր­ծե­լու շրջան մըն է։ Ան ընդգ­ծեց, թէ ինք Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի ճա­նա­պար­հի ըն­կերն է, ճա­կա­տագ­րի ըն­կերն է։ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ տա­կա­ւին ա­ռա­ջին քայ­լա­փո­խին տուաւ այն պատ­գա­մը, թէ հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լայ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դուն­ման եւ նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան հաս­տատ­ման։

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ար­տա­հերթ հա­մա­գու­մա­րէն վերջ, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հրա­ժա­րած կա­ռա­վա­րու­թեան փո­խա­րէն նոր նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը ձե­ւա­ւո­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցը սկսաւ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մը պաշ­տօ­նի կո­չեց՝ նոր դահ­լի­ճը ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մար։ Այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Կեդ­րո­նա­կան գոր­ծա­դիր մարմ­նին ժո­ղո­վը եւ հա­ւա­նա­կան է, որ զու­գա­հե­ռա­բար Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մը ներ­կա­յաց­նէ Էր­տո­ղա­նի վա­ւե­րաց­ման։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016