ՅԱՆՈՒՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ
Իսթանպուլի մէջ այսօր սկսաւ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովը, որ կ՚եզրափակուի վաղը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի համատեղ տանտիրութեամբ կազմակերպուած է այս գագաթաժողովը, որ աշխարհի 60 երկիրներէ ղեկավարներ համախմբած է Իսթանպուլի մէջ։
ՄԱԿ-ի 71 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը կազմակերպուի նման բնոյթով գագաթաժողով մը։ Աշխարհի 175 երկիրներէն շուրջ 6 հազար ժողովական կը մասնակցի գագաթաժողովին։ Մասնակիցներու շարքին են հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ամբողջ աշխարհէն մասնաւոր հատուածէն ներկայացուցիչներ։ Քննարկումներուն ընթացքին ուշադրութիւն կը կեդրոնացուի երկրագունդի վրայ օգնութեան կարօտ շուրջ 130 միլիոն հոգիին մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու ուղղեալ ռազմավարութիւններու եւ քաղաքականութիւններու զարգացման վրայ։
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովին մասնակցելու համար Իսթանպուլ ժամանած է նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեանին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։