ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄՐՑՈՅԹ
Արամ Խաչատրեանի անուան 13-րդ միջազգային մրցոյթը ըստ աւանդութեան կը սկսի յառաջիկայ Յունիսի 6-ին, յօրինողի ծննդեան օրը, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Այս տարի առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ մրցոյթ նաեւ վոքալ մասնագիտութեամբ, որու համար հարիւրէ աւելի յայտեր ստացուած են: Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցեց «Արամ Խաչատրեան մրցոյթ» մշակութային հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աննա Տէր-Յովակիմեան։
«Մրցոյթի առաջին փուլերը, ըստ մասնագիտութիւններու, տեղի կ՚ունենան Յունիսի 7-ին եւ 8-ին, որոնց ժամանակ ելոյթով հանդէս կու գան նախընտրական փուլին յաղթած 43 մասնակից, երկրորդ փուլերը կը կայանան Յունիսի 9-ին, 10-ին: Կը մասնակցին 20 երաժիշտ: Երրորդ փուլ անցած 10 մասնակիցը Յունիսի 11-ին իրենց համարները կը փորձեն մրցոյթի պաշտօնական՝ Հայաստանի Երիտասարդական նուագախումբի հետ, որպէսզի ըստ արժանւոյն ներկայանան Յունիսի 12-ին եւ 13-ին կայանալիք երրորդ փուլին, որու ընթացքին կ՚որոշուին յաղթողները», ըսաւ Աննա Տէր-Յովակիմեան։
Տնօրէնի խօսքով՝ Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային մրցոյթի կազմակերպիչ կոմիտէն սահմանած է հետեւեալ մրցանակները՝ առաջին մրցանակ՝ 10 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ, երկրորդ՝ 5 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ, երրորդ մրցանակ՝ 3 հազար ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ: Պիտի տրուին նաեւ յատուկ մրցանակներ, որոնք կը սահմանեն մրցոյթի գործընկերները:
Տէր-Յովակիմեան ընդգծեց, որ բոլոր փափաքողները չեն կրնար մասնակցիլ մրցոյթին, քանի որ իրենց սահմանած չափանիշները բաւականին բարձր են, եւ, հաւանաբար, այդ է պատճառը, որ տարիներու ընթացքին մասնակիցներու մասնագիտական մակարդակը աւելի կը բարձրանայ։
Մրցոյթին կը ներկայանան երաժիշտներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ՝ Հարաւային Ափրիկէէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Մեծն Բրիտանիայէն եւ այլն:
Դատակազմի նախագահն է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն Կոնստանդին Օրբէեան, անդամները՝ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթէն» թատրոնի երաժշտական տնօրէն Ճոն Ֆիշըր, մեներգիչ Գէորգ Յակոբեան եւ այլք: Երաժիշտ-հիւրեր կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներէն, Իտալիայէն, Լաթվիայէն։
Հայաստանեան լրատուամիջոցներէն բացի՝ միջոցառումը կը լուսաբանեն նաեւ այլ երկիրներու լրատուամիջոցները։
Մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Արամ Խաչատրեան մրցոյթ» մշակութային հիմնադրամի եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական երաժշտանոցի նախաձեռնութեամբ։
Միւս կողմէ, 2006 թուականին Արամ Խաչատրեանի անուան մրցոյթին յաղթած է անուանի թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան: