ԶԱՀՐԱՏԻ «ԿԱՏՈՒՆԵՐ»Ը
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատի գործերը, որոնց կողքի մը ներքեւ հաւաքուիլը առիթ ընձեռած է յետմահու իր մէկ նոր գրքի հրատարակման։ «Կատուներ» կը կոչուի այս գիրքը, որ հրատարակուած է երկլեզու։ Գիրքի անունով պայմանաւորուած նիւթով Զահրատի ստեղծագործութիւնները հաւաքուած են այս գիրքին մէջ։ Իր կողմէ գրուած հայերէն բանաստեղծութիւնները թրքերէնի թարգմանուած են Յովհաննէս Շաշքալի կողմէ։ Այսպէսով երկլեզու գործ մը յառաջ եկած է եւ այդ մէկը հրատարակութեան պատրաստուած է «Արաս»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշի կողմէ։ Հուլուսի Մուսիհ Թիւթիւնճիի կողմէ բարձր ճաշակով ու որակով կատարուած է գեղարուեստական ձեւաւորումը եւ գիրքի կողքին վրայ օգտագործուած է Զահրատի մէկ գծանկարը, ուր կը ցոլանան դարձեալ կատուներ։ Դարձեալ երկլեզու, Յովհաննէս Շաշքալն ալ այս գիրքին համար գրի առած է յառաջաբան մը։ Անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատի այս գիրքը գրասէրներուն հերթական անգամ առիթ կ՚ընձեռէ հաղորդ դառնալու անոր ժառանգութեան ու ներշնչուելով իր ուրոյն ոճով։ Բանաստեղծի հաղորդական ոճով ստեղծագործութիւններուն ուղղորդուած են կատուներու գծանկարները, ինչ որ առաւել մատչելի կը դարձնէ այս գիրքը։
«Արաս» վերջերս այս գիրքի համար կազմակերպած է նաեւ շնորհանդէս մը, որու ընթացքին գործը ծանօթացուցած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։