ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Վատիկանի Առաքելական Նուիրակ Մարէք Սոլչինսքի Արքեպիսկոպոսը, որու մշտական նստավայրը կը գտնուի Թիֆլիզի մէջ։ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը Սերժ Սարգսեանին կողմէ հիւրընկալուեցաւ՝ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին կապակցութեամբ։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին նոր հնչեղութիւն մը ապահովուած է Հայաստան-Վատիկան միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ՝ ամրապնդելով բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը եւ փոխադարձ ըմբռնումը։
Նախագահ Սարգսեանի համոզմամբ, վերջին հինգ տարիներու ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած են պատմական իրադարձութիւններ։ Այս շարքին մէջ ան թուարկած է Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հիմնուիլը, բարձր մակարդակով այցելութիւնները եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» ճանաչումը։