ՄԵՆՉԸՍԹԸՐԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ
Անգլիոյ Մենչըսթըր քաղաքէն երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն հասան ահաբեկչական արարքի մը վերաբերալ լուրեր։ Այսպէս, երգիչ Արիանա Կրանտէի մարզադաշտի մը մէջ կազմակերպուած համերգին ժամանակ պատահեցաւ երկու պայթում։ Դէպքին հետեւանքով մահացաւ 22 հոգի, կան նաեւ բազմատասնեակ վիրաւորեալներ։
Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյ այս դէպքը որակեց սարսափելի ահաբեկչութիւն։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն, յարձակումը կատարուած է ինքնասպան ահաբեկիչի մը կողմէ։
«Մենք կ՚աշխատինք, որպէսզի պարզենք այս դէպքին բոլոր հանգամանքները, ինչ որ ոստիկանութեան կողմէ դիտարկուած է որպէս սարսափելի ահաբեկչական գործողութիւն մը», նշուած է Թերեզա Մէյի յայտարարութեան մէջ։