նշուեցաւ Տաթեւիկ Սազանդարեանի ծննդեան 100-ամեակը
Օփերային երգչուհի Տաթեւիկ Սազանդարեանի ծննդեան 100-ամեակի կապակցութեամբ՝ Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ համերգային ծրագիր: Համերգ-ներկայացումը կը կրէր «Առաջին-Տաթեւիկ» խորագիրը:
«Այս համերգային ծրագիրը արժանի հատուցում է Տաթեւիկ Սազանդարեանի անցած ուղիին, կենսագրութեան եւ դասական արուեստին մէջ անոր թողած ժառանգութեան: Հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի մէջ աշխատելու ընթացքին առիթն ունեցած եմ առընչուելու անոր՝ մեծանուն երգչուհիի եւ մանկավարժի հետ ու պէտք է ընդգծեմ, որ Սազանդարեան արուեստի բացառիկ նուիրեալ էր: Անոր երգչուհի եւ մարդ տեսակը մեր այսօրուայ եւ վաղուայ փրկութեան ամենակարեւոր մասն է», նշած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, բեմադրիչ Արմէն Մելիքսէթեանի խօսքով՝ Տաթեւիկ Սազանդարեան անմիջական անձնաւորութիւն էր: «Ես դեռ ուսանող էի, երբ ծանօթացայ անոր հետ: Երբեք անջրպետ չեմ զգացած ժողովրդական արուեստագէտի եւ ուսանողի յարաբերութիւններուն մէջ: Ջերմ էր ու նրբանկատ», ըսաւ Մելիքսէթեան եւ յաւելեց, որ Տաթեւիկ Սազանդարեանի կատարմամբ յատկապէս կը հաւնի Փառանձեմի, Քարմէնի եւ Աննայի դերերգները:
Ծրագրի կազմակերպիչ Տաթեւիկ Յարութիւնեան շեշտեց, որ համերգ-ներկայացման մտայղացումը կը պատկանի Տաթեւիկ Սազանդարեանի թոռնուհիին՝ Զարուհի Խանճեանին, որ անժամանակ հեռացած է կեանքէն: «Համերգ-ներկայացման նկարազարդումներ կը ներկայացուին պաստառներէն բոլոր ստեղծագործութիւնները կատարելու ընթացքին», եզրափակեց ան:
Ծրագրի ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սէրկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ: Մասնակցեցան Տաթեւիկ Սազանդարեանի ուսանողները՝ Գէորգ Յակոբեան, Յասմիկ Հացագործեան, Նունէ Պատալեան, Պերճ Քարազեան եւ այլք: Հնչեցին այն ստեղծագործութիւնները, օփերային արիաները, որոնց շնորհիւ Տաթեւիկ Սազանդարեան մեծ ճանաչում ձեռք բերած էր:
Դահլիճը լեփլեցուն էր, եւ օփերային ար-ւեստի սիրահարները մեծ ոգեւորութեամբ կ՚արձագանգէին բոլոր համարներուն:
Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։
Համերգը իրականացաւ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանիին ներքոյ եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Միւս կողմէ, այս ընթացքին կ՚իրականաց-ւին նաեւ շարք մը ծրագրեր նուիրուած երգուհիի յոբելեանին՝ հեռուստահաղորդում, մեներգիչներու հանրապետական մրցոյթ, նամականիշի թողարկում։ Բաց աստի, թը-ւայնացուած է երգչուհիի՝ ոսկէ ֆոնտերուն մէջ պահպանուող մշակութային ժառանգութիւնը։ Համերգ-ներկայացման կազմակերպիչ Տաթեւիկ Յարութիւնեան տեղեկացուցած է, որ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի ճեմասրահին մէջ կը ցուցադրուին Տաթեւիկ Սազանդարեանի անձնական լուսանկարները։
Տաթեւիկ Սազանդարեան ծնած է Խնձորեսկի մէջ։ Մանկութիւնը անցած է Պաքու:
1929 թուականին տեղափոխուած է Մոսկուա, երգած՝ Արեւելեան ինքնագործ խումբին մէջ։ Ուսանած է Մոսկուայի Հայ մշակոյթի տան երաժշտական եւ տրամաթիքական աշխատանոցին մէջ։ Երեւան գալով եղած է Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնի մեներգչուհի։ 1939 թուականին Մոսկուայի մէջ՝ Հայ արուեստի տասնօրեակին, հանդէս եկած է Ալմաստի (Սպենդիարեանի «Ալմաստ») դերերգով եւ արժանացած՝ համընդհանուր ճանաչման։
Երգչուհիի մեկնաբանմամբ Փառանձեմի (Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ»), Թամարի (Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ Բէկ») եւ Ալմաստի դերերգերը հայկական օփերայի կատարողական արուեստի գոհարներէն են: Յատուկ անոր համար գրուած են Թամարի, Շուշանի՝ Պապաեւի «Արծուաբերդ», Նազելիի՝ Ստեփանեանի «Հերոսուհին», Պերպերոյի՝ Տէր-Ղեւոնդեանի «Արեւի ցոլքերում» դերերգները։ Լաւագոյն կատարումներէն եղած են նաեւ Քարմէնի՝ Պիզէի «Քարմէն», Ամներիսի՝ Վերտիի «Աիտա», Իոքաստէի՝ Սթրավինսքիի «Էտիփ արքայ», Լիւպաշայի՝ Ռիմսքի-Քորսաքովի «Թագաւորի հարսնացուն», Օլկայի՝ Չայքովսկիի «Եւկենի Օնեկին» եւ այլ դերերգներ։ Հանդէս եկած է նաեւ որպէս քամերային երգչուհի։ Կատարած է հայ, ռուս եւ եւրոպացի յօրինողներու շուրջ 450 ստեղծագործութիւններ։