ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Սին­կա­փու­րի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին ար­տա­սահ­մա­նեան զբօ­սաշր­ջիկնե­րու ա­մե­նա­սի­րե­լի վայ­րե­րէն մէկն է: Սին­կա­փու­րի մէջ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, որ կա­ռու­ցուած է 1835-ին իր­լան­տա­ցի ճար­տա­րա­պետ Ճորճ Քոլ­մա­նի նա­խա­գի­ծով, զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու ա­մե­նա­սի­րած տե­սար­ժան վայ­րե­րէն մին է: Այն­տեղ ա­մէն օր կ՚այ­ցե­լէ ա­ւե­լի քան հա­րիւր մարդ, կը յայտ­նէ Սին­կա­փու­րի Straits Times պար­բե­րա­կա­նը: Շա­րու­նա­կե­լով խօ­սիլ Սին­կա­փու­րի հա­յե­րուն եւ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին՝ կը յայտ­նէ, որ ան­ցած հա­րիւ­րա­մեա­կի 70-ա­կան թուա­կան­նե­րուն Սին­կա­փու­րի յայտ­նի հա­յե­րու շիր­մա­քա­րե­րը Պու­կիտ Թի­մահ գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն տե­ղա­փո­խուած են ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րածք, ո­րուն հա­րե­ւա­նու­թեամբ պան­թէոն  հիմ­նուած է: Ե­կե­ղե­ցին եւ կից տա­րած­քը նե­րա­ռուած է Սին­կա­փու­րի պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րու ցան­կին մէջ: Սին­կա­փու­րի մէջ, ուր այժմ մօտ հա­րիւր հայ կ՚ապ­րի, նաեւ կը գոր­ծէ Հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան ան­սամպլ, ո­րով հե­տաքրք­րուած են ոչ միայն հա­յե­րը, այ­լեւ սին­կա­փուր­ցի­նե­րը, կը նշէ պար­բե­րա­կա­նը:

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017