ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ուսումնասիրել Հայաստանը «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագրի մէջ ընդգրկելու հարցը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալի մէջ Հայաստան ներառնուած էր դրամաշնորհային այս ծրագրին մէջ, սակայն աւելի վերջ դուրս մնացած։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Փոմփէօ այժմ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է ուսումնասիրել Երեւանը այդ ծրագրին ներառնելու հարցը, եթէ հայկական կողմը դրական փոփոխութիւններ արձանագրէ այդ մէկէն օգտուելու չափանիշներու հարցին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Մայք Փոմփէօ կը գլխաւորէ վերոյիշեալ ծրագրի խորհուրդը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկահայ կազմակերպութիւններու կողմէ իրեն ուղարկուած նամակի մը ի պատասխան պետական քարտուղարը անդրադարձած է այս նիւթին։ Ան լաւատեսութիւն յայտնած է Հայաստանի խաղաղ ու սահմանադրական վերջին քաղաքական փոփոխութիւններուն կապակցութեամբ։ Արժեւորելով հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը՝ Փոմփէօ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Հայաստանի նոր կառավարութեան՝ երկկողմանի փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթերը յառաջ մղելու նպատակով։

Մայք Փոմփէօ նշած է, որ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագրին արագ ձեւով ներգրաւելու համար դրութիւն մը գոյութիւն չունի։ Սակայն ինք պատրաստ է ուսումնասիրել այս հարցը։ Եթէ, իր բնութագրումով, Հայաստան դրական փոփոխութիւններ արձանագրէ այս նախագիծէն օգտուելու չափորոշիչներու հարցին մէջ, ապա այս բանը հնարաւորութիւն կու տայ ծրագրի ղեկավարութեան՝ Հայաստանը վերստին ընդգրկելու համար նախագծերուն մէջ։ Փոմփէօ մատնանշած է նաեւ, որ յատկապէս ո՛ր չափորոշիչները կարեւոր են՝ որպէսզի Հայաստան ներառնուի դրամաշնորհային ծրագրին մէջ։ Ըստ իրեն, Ուաշինկթըն պատրաստ է աջակցիլ Երեւանին՝ եթէ հայկական կողմը հարցեր ունենայ այդ բարեփոխումներու ճանապարհին։ «Պատրաստակամ ենք աշխատելու հայ-ամերիկեան բարեկամութիւնը յառաջ մղելու ուղղութեամբ», ընդգծած է Փոմփէօ։

Ամերիկահայ մամուլի հաղորդումներով, հայկական կողմը կ՚ակնկալէ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագրի միջոցներով Հայաստանի համար 140 միլիոն տոլարի մակարդակով աջակցութիւն մը՝ կրթական բնագաւառին համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018