ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿՈՂՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հիմնական կողմին՝ յառաջընթացը անհնար է կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շաւարշ Քոչարեան երէկ խօսեցաւ Արցախի՝ բանակցային սեղան մասնակցութեան հարցին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համապատասխան յայտարարութիւններուն շուրջ։ Խորհրդարանի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ այս մասին խօսած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ «Եթէ Քազանի հանդիպումը բարեյաջող աւարտէր, այդ փաստաթուղթին Արցախը եւս հաւանութիւն պէտք է տար եւ երեք երկիրները միասին պէտք է աշխատէին խաղաղութեան պայմանագրին վրայ։ Ես կը զարմանամ ներկայ գրգռութիւններուն վրայ։ Ակնյայտ է, որ առանց հակամարտութեան հիմնական կողմի՝ Արցախի յառաջընթացը անհնարին է», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։ Բաց աստի, փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ եթէ ներկայիս Արցախ չի մասնակցիր բանակցութիւններուն, ապա սա Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումով պայմանաւորուած է։ Ան շարունակեց.

«Միւս կողմէ, համանախագահները լաւ գիտեն, թէ Հայաստան չի կրնար Արցախի փոխարէն բանակցիլ եւ յառաջընթաց արձանագրելու հնարաւոր պահուն Արցախ պէտք է մասնակից դառնայ։ Այլ ձեւակերպումով՝ Արցախի մասնակցիլ-չմասնակցիլը ցոյց կու տայ՝ արդեօք Ատրպէյճան իսկապէս կը ձգտի՞ բանակցային գործընթացի մէջ յառաջընթացի, թէ ոչ ամբողջ գործընթացը կ՚օգտագործէ շարունակելու համար իր ապակառուցողական քաղաքականութիւնը»։

Բաց աստի, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեանն ալ երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութիւնը պարտադիր պայման է տեւական խաղաղութեան հասնելու համար։ Իր խօսքով՝ Երեւան կը շարունակէ մնալ ջատագով՝ հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման նպատակով։ Բանբեր Բալայեան ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստան հաստատակամ է որեւէ հատուածի մէջ դիրքային փոփոխութեան թոյլ չտալու ուղղութեամբ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԱՍԻՆ

Միւս կողմէ, Տիգրան Բալայեան երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղենիշը պիտի ըլլայ շարունակական։ «Իսրայէլը մենք կը դիտարկենք որպէս բարեկամ պետութիւն։ Այստեղ Հայաստան ունի մշակութային ներկայութիւն, պատմամշակութային ժառանգութիւն ու որպէս այդ բանը կրող երկիր չենք կրնար անտարբեր մնալ, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ Իսրայէլի մէջ եւ անոր շուրջ։ Առանձին դեսպանի մը նշանակումը կը հետապնդէր այդ իսկ նպատակը։ Այլ շարք մը քայլերու եւս ձեռնարկեցինք։ Նախորդ տարեվերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական այցելութիւնը Իսրայէլ։ Համաձայնութիւններ գոյացան յարաբերութիւնները զարգացնելու համար։ Ես կը կարծեմ, թէ այդ ուղենիշը շարունակական պիտի ըլլայ», ըսաւ Բալայեան։

Հարցումի մը պատասխանելով բանբերը պատասխանեց նաեւ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու խորացման ամբողջին մէջ Իրանի հետ կապերը։ Բալայեան նշեց, որ Իրան հարեւան ու բարեկամ պետութիւն մըն է։ Մայիսի 13-ին երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՏԸ ՎԱԱԼ

Միւս կողմէ, յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ եւս համոզուած է, որ բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութիւնը կը համարուի այժմէական։ Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընտրութեան յաջորդած օրը ուղեւորուած է Լեռնային Ղարաբաղ եւ պնդած, որ Արցախ պէտք է ուղղակիօրէն մասնակցի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն եւ նստի բանակցային սեղանի շուրջ։ Տը Վաալի խօսքով՝ Նիկոլ Փաշինեան անկեղծ է ղարաբաղցիներու հետ ու տակաւին 2016 թուականին յայտարարած էր, որ չկայ Ատրպէյճանին յանձնուելիք տարածք։ Վերլուծաբանը այժմէական կը նկատէ Արցախի բանակցութիւններուն մասնակցելու խնդիրը՝ յիշեցնելով, որ մինչեւ 1998 թուականը Լեռնային Ղարաբաղ մասնակցած է բանակցային գործընթացին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018