ՀԻՒՐԵՐ ԵՒ ԱՅՑԵՐ

Երեւանի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ պիտի հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Ֆրանսայէն։ 27-28 Մայիս թուականներուն Հայաստան պիտի այցելէ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան։ Բաց աստի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Պրիճիթ Պրինքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մըն ալ շփումներ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան երէկ տեղեկացուց, որ ներկայ տարուան տեւողութեան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շարք մը արտասահմանեան ուղեւորութիւններ պիտի իրականացնէ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով։

Միւս կողմէ, Բալայեան երէկ յայտնեց նաեւ, որ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովին վերաբերեալ ժամանակացոյցին մէջ ալ կաղացումներ խնդրոյ առարկայ պիտի չըլլան։

ԴԷՊԻ ԹԻՖԼԻԶ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ ամսավերջ իրերայաջորդ այցելութիւններ պիտի տան Վրաստան։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան Թիֆլիզ պիտի մեկնի 25-26 Մայիսին՝ մասնակցելու համար Վրաստանի անկախութեան հռչակման 100-ամեակի ձեռնարկներուն։ 30-31 Մայիսին ալ Նիկոլ Փաշինեան շփումներ պիտի ունենայ Թիֆլիզի մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բարձր մակարդակի այս շփումներու նախօրեակին նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Իր խօսքերով՝ ժամանակն է, որ վրացիները Հայաստան այցելեն այն յաճախականութիւնով, որով հայերը կ՚երթան Վրաստան։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է շարունակեն խորանալ զանազան ոլորտներու մէջ։ Արմէն Սարգսեան համոզուած է, թէ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները դրական են եւ անոնք ունին համագործակցութեան մեծ ներուժ մը։ Երկու ժողովուրդները երկար տարիներ աշխատած են միասին ու երկկողմանի յարաբերութիւնները պէտք է խորանան նաեւ տնտեսական գետնի վրայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018