ԵՂԲԱՅՐՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Շարժայի մէջ Վեհափառ Հայրապետը մասնակցած էր համաժողովի մը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէ ներս 2019 թուականի Հանդուրժողութեան տարի հռչակման կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութեան ելոյթը միջկրօնական յարաբերութիւններու, քաղաքակրթութիւններու համակեցութեան եւ այլ զանազան նիւթերու տեսակէտէ դրական պատգամներ կը բովանդակէր։

Շարժայի մէջ Վեհափառ Հայրապետը Պետական տեղեկատուական խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Մամուլի ակումբէն ներս հանդէս եկաւ յատուկ բանախօսութիւնով մը։ Ողջունելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հիմնադիր հայր ու նշանաւոր քաղաքական գործիչ Շէյխ Զաիտ պին Սուլթան էլ Նահիանի տեսլականով, իբրեւ երկրի յառաջընթացի երաշխիք, կերտուող հանդուրժողականութեան եւ խաղաղ համակեցութեան ստեղծարար ուղին, նաեւ մարդկութեան կեանքին մէջ խաղաղութեան ու հաճութեան հաստատման ու ամրապնդման ուղղուած մարդասիրական ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ, Նորին Գերազանցութիւն Խալիֆա պին Զաիտ էլ Նահիանին եւ Շարժայի Էմիրութեան կառավարիչ Նորին Գերազանցութիւն Շէյխ Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմիին, ինչպէս նաեւ Շարժայի Պետական տեղեկատուական խորհուրդի ընդհանուր նախագահ Շէյխ Սուլթան պին Ահմէտ էլ Քասըմիին կարեւոր այս նիստին մասնակցելու հրաւէրի համար:

«Հայ ժողովուրդը, իր պատմութեան մէջ շատ փորձութիւններ, տառապանք, ու ցեղասպանութիւն տեսած է, եւ վշտահար հոգիի աղօթքով յաճախ խաղաղութիւն հայցած է երկինքէն՝ հայեացքը ուղղելով դէպի պիպլիական Արարատ սրբազան լեռը, որ խորհրդանիշ է ջրհեղեղէն յետոյ մարդկութեան նոր կեանքի վերընձիւղման եւ խաղաղութեան աւետիսի կենսագործման:

«Դարերու հոլովոյթին մէջ արձանագրը-ւած փորձառութիւնը կը վկայէ, որ հեշտընթաց չեն հանդուրժողականութեան ճանապարհները, բայց միշտ՝ հնարաւոր, եթէ ճըշ-մարտապէս ունինք զիրար սիրելու եւ համերաշխ համակեցութեան բարի ձգտումը: Աստուած մէկ արիւնէն ստեղծած է մարդիկը, բոլոր ազգերը. այս հաստատումը կ՚ընէ Սուրբ Գիրքը՝ մատնանշելով եղբայրասիրութեան համամարդկային արժէքը (Գործք ԺԷ 26): Մարդկային իւրաքանչիւր էակի հանդէպ Աստուծոյ սէրը անխտիր է:

«Անհնար է հաւատալ ու փառաբանել զԱստուած՝ առանց մարդու կեանքի, անոր աստուածաստեղծ պատկերի ու հիմնարար արժէքներու հանդէպ նուիրական զգացումի: Մարդոց համար հաւասար իրաւունքներու ապահովումը, հետեւաբար, կը նշանակէ հաստատել Աստուծոյ արարչութեան մեծագործութիւնն ու կատարելութիւնը:

«Հանդուրժողականութիւնը, միաստուածեան կրօններու բարոյական տեսանկիւնէն, մարդ անհատի մէջ աստուածային պատկերի ու նմանութեան ներկայութիւնը տեսնելն ու անով իսկ Աստուծոյ վկայելն է, մարդկային մեծ ընտանիքի մէջ մեր նմանի հետ մշտական երկխօսութիւնը, ստորակարգման բացառումը, ազատութեան իրաւաչափ սահմանումը: Քրիստոնէական մը-տածողութեան մեջ, տակաւին Դ. դարէն սկսեալ, այս մօտեցումը սահմանուած է «միութիւն ի կարեւորս, ազատութիւն յերկբայականս, եւ սէր յամենայնի» գաղափարական ընկալումով, որ բոլոր դարերու մէջ առաջնորդող եղած է Հայոց Եկեղեցիի համար։ Հանդուրժողականութիւնը ըստ այսմ կը ներկայացուի համամարդկային խնդիրներու առջեւ համընդհանուր ջանքերու մէկտեղման եւ համագործակցութեան դրսեւորմամբ՝ եղբայրասիրութեամբ պահպանելով այն բոլոր առանձնայատկութիւնները, որոնցով օժտուած են ազգերն ու ժողովուրդները։

«Յատկանշական է, որ Հանդուրժողականութեան տարուայ խորհրդանշաններէն են իրարու միացուած ու բացուած, դէպի դուրս ուղղուած ափերը: Այսպէս է նաեւ հանդուրժողականութեան պարագային. եթէ անոր միացած չեն աստուածայինի հանդէպ նուիրական հաւատը, մարդու կեանքի գերագոյն արժէքի գիտակցումն ու ազատութեան սրբազան սկզբունքը, օտարի հանդէպ սէրն ու եղբայրութիւնը, ան չի բացուիր ու ծաւալուիր՝ աշխարհի մէջ տարածուելով իբրեւ միասին ապրելու եւ խաղաղ գոյակցելու աստուածային պատգամէ բխող հրաւէր:

«Արդի ժամանակներու ընթացքներու փոխշաղկապուածութեան մէջ իրական կը դառնայ այն պնդումը, թէ Երկիր մոլորակը կը փոքրանայ. անոր ամէն անկիւնին մէջ տեղի ունեցող որեւէ մտահոգիչ իրադարձութիւն կը դառնայ համընդհանուր լուծման ու ջանքերու կարօտ երեւոյթ՝ բարեկարգելու, միասնաբար խնամելու, խաղաղութեամբ ու բարօրութեամբ զարդարելու մեր ընդհանուր տունը: Ժամանակները փոխուած են եւ կը փոխուին, շարունակ կ՚աճին մարդու գիտելիքներն ու հնարաւորութիւնները, բայց միշտ արդիական է անհրաժեշտութիւնը, որ հասարակական գիտակցութեան մէջ գերակայ ըլլայ հանդուրժողականութեան հոգեւոր-բարոյական ակունքը:

«Հաւատքն ու բարոյականութեան ընկալումը Ամենակալը դրած է մարդկանց մէջ՝ իբրեւ իւրայատուկ հնարաւորութիւն Իրեն նմանելու: Մենք բոլորս Տիրոջ կերտած տան մէջ կ՚ապրինք, եւ գործակիցներն ենք Արարչին», նշեց Հայոց Հովուապետը՝ յաւելելով, որ, ըլլալով տարբեր ժողովուրդներ, տարբեր մարդիկ, Աստուծոյ զաւակներ են ամէնքը՝ կոչուած միմեանց կեանքին մէջ առատացնելու հոգեւոր պտուղները եղբայրասիրութեան, խաղաղութեան, փոխըմբռնումի ու համագործակցութեան:

Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ հանդուրժողականութեան, փոխըմբռնման ու համագործակցութեան զօրացման ուղղութեամբ մարդկութեան անժխտելի ձեռքբերումներով հանդերձ 21-րդ դարուն մեր հասարակութիւնները կը բախին նորանոր մարտահրաւէրներու՝ որոնցմէ յատկապէս առանձնացնելով հակամարտութիւններն ու տարաձայնութիւնները կրօնական լոյսի ներքոյ ներկայացնելու վտանգաւոր միտումը: Այս իմաստով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր ու հրամայական նկատեց միջազգային, միջկրօնական-միջմշակութային երկխօսութիւններու հարթակներու, կրթութեան ոլորտին մէջ, զանգուածային լրատուամիջոցներով հանդուրժողականութեան ճիշդ մեկնաբանութիւնն ու մատուցումը:

«Հանդուրժողականութեան բացակայութեան, այլեւ անոր խտրական դրսեւորումներու պատճառով է, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ տեղի ունեցած են ողբերգութիւններ, պատերազմներ ու ցեղասպանութիւններ, եւ այսօր ալ յաճախ ականատես կը դառնանք խտրականական, կրօնական եւ մշակութային եղեռնագործութիւններու: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմիցս բախած է անհանդուրժողականութեան ամենատարբեր դրսեւորումներուն (…):

«Նոյն քաղաքականութեամբ 20-րդ դարավերջին, երբ հայ ժողովուրդը Ղարաբաղի պատմական իր հողի վրայ անկախութեան հաստատումով հռչակեց ազատ ապրելու իր իրաւունքը, Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուեցան հայերու զանգուածային տեղահանութիւններ ու ջարդեր: Անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան հետեւանքը եղաւ նաեւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքին մէջ հայկական Ջուղա քաղաքի գերեզմանատան հազարաւոր խաչքարերու եւ հայ քրիստոնէական մշակոյթի եզակի արժէքներու ոչնչացումը: Այսօր սահմանային բախումներու հետեւանքով տակաւին անմեղ կեանքեր կը զոհուին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը՝ անդրադառնալով նաեւ կայուն խաղաղութեան վերահաստատման, ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնման եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի ձեւաւորման բարի նպատակին ի նպաստ՝ միջազգային ջանքերուն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխատանքներուն եւ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարքի միջնորդական ջանքերով հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումներուն:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հաստատեց, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու դարաւոր երկկողմանի յարաբերութիւնները հարուստ են հանդուրժողականութեան եւ եղբայրասիրութեան ազնիւ դրսեւորումներով:

«Յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ հարիւր հազարաւոր հայ գաղթականներ իրենց ապահով հանգրուանը գտան արաբական աշխարհի հիւրընկալ երկիրներուն մէջ՝ ձեւաւորելով խաղաղ համակեցութեան ու համագործակցութեան իրական եւ կենսական օրինակ: Այդպիսի վկայութիւններով զարդարուած են նաեւ Շարժայի մէջ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու զաւակներու կեանքը, միասնական մասնակցութիւնը երկրի յառաջընթացին, եղբայրական բարի յարաբերութիւնները: Մենք մեր ժողովուրդի զաւակներու երախտագիտութիւնը վերստին կը յայտնենք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մեծարգոյ նախագահին եւ Շարժայի Էմիրութեան կառավարչին Նորին Գերազանցութիւն Շէյխ Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմիին, որ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման ոգիով եւ ամենայն բարեացակամութեամբ զօրակցութիւն կը բերեն տեղւոյն քրիստոնէական համայնքներուն: Առանձնակիօրէն կը փափաքիմ անդրադառնալ, որ Շէյխ Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմիի մարդասիրական մեծահոգի վերաբերմունքի շնորհիւ Շարժայի հայ համայնքը ունեցաւ նաեւ իր աղօթավայրը՝ կազմակերպելու համար ազգային-հոգեւոր իր կեանքը: Գոհունակութեամբ ու շնորհակալութեամբ կը յիշենք տակաւին 2006 թուականին Նորին Գերազանցութիւն Շէյխ Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմիի կողմէ Հայաստան կատարուած այցի շրջանակներէն ներս առնուած աստուածահաճոյ որոշումը՝ վերակառուցելու Հայաստանի նշանաւոր վանական համալիրներէն Հաղարծինի վանքը՝ իբրեւ հանդուրժողականութեան եւ կրօնական-մշակութային արժէքներու հանդէպ բացառիկ վերաբերմունքի օրինակելի դրսեւորում: Մեր աղօթքներն ու գնահատանքը կը բերենք Նորին Գերազանցութեան մարդասիրութեան եւ բարեկամութեան իր ազնիւ ոգիի համար:

«Հայ ժողովուրդի զաւակները, սփռուած աշխարհով մէկ, ապրելով տարբեր միջավայրերու մէջ, հաւատարիմ մնացած են եղբայրասիրութեան ու օտարասիրութեան աստուածային պատգամին՝ մշտապէս յարգելով միւս ժողովուրդներու կրօնական, մշակութային, կենցաղային աւանդոյթներն ու սովորոյթները, եւ իրենց կարեւոր նպաստը կը բերեն բարի յառաջընթացին հիւրընկալ երկիրներու, որոնց ազնիւ եւ օրինապահ քաղաքացիներն են: Ըսուածի լաւագոյն վկայութիւնն են ինչպէս Շարժայի, այնպէս ալ արաբական, մահմետական երկիրներու մէջ դարերէ ի վեր եղբայրասիրութեան մէջ ապրող հայ համայնքները: Համերաշխութեան ու խաղաղ համակեցութեան վկայութիւն են նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանի կեդրոնին գործող Կապոյտ մզկիթը, կրօնական տարբեր յարանուանութիւնները, որոնք կ՚ապրին Հայաստանի մէջ՝ պահպանելով ու արդիւնաւորելով իրենց հոգեւոր-ազգային կեանքը», նշեց Վեհափառ Հայրապետը:

Իր խօսքի վերջաւորութեան գնահատանքը յայտնելով միջոցառման կազմակերպիչներուն եւ ողջունելով Հանդուրժողականութեան տարուայ շրջանակներներէն ներս կրօններու ու մշակոյթներու, ժողովուրդներու ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան խթանման, փոխըմբռնման ու համագործակցութեան ոգիի ամրապնդման ծառայող քայլերը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայցեց Բարձրեալէն, որ հանդուրժողականութիւնը աշխարհին բերէ առատ պտուղներ եւ մարդկութեան կեանքը զարդարէ սիրոյ, խաղաղութեան ու ստեղծարար ընթացքի բարի արգասիքներով:

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2019