ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջերս հարցազրոյց մը տուաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթին ու մասնաւորապէս անդրադարձաւ հայապահպանութեան հարցերուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հարցազրոյցի մէջ Զարեհ Սինանեան կանգ առաւ պետականակեդրոն ինքնութեան գաղափարին վրայ։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ հետեւեալը.

«Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ մենք կը հետապնդենք ազգապահպանութեան գաղափարը եւ անոր առանցքը հայապահպանութիւնն է։ Հայաստանի մէջ այս բանը կ՚արտայայտուի քիչ մը տարբեր ձեւով, սփիւռքի բաղդատմամբ։ Այսօր համախմբուելով պետականակեդրոն գաղափարի շուրջ՝ հայապահպանութեան երաշխիքներ կը ստեղծենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Այս բոլորը, բնականաբար, համահայկական օրակարգի առաջնահերթութիւններէն կը համարուին եւ ուղղակի կապուած են Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան»։

Զարեհ Սինանեան վերջերս տեսակապով սփիւռքահայերու հետ ունեցած հանդիպումներու լոյսին տակ բացատրեց, որ Հայաստանը եւ սփիւռքը իրականութեան մէջ ամբողջութիւն մը կը կազմեն եւ իրարու համար կենսական են։ Այս հիման վրայ է, որ կառավարութեան ծրագրին մէջ ամրագրուած է ուժեղ Հայաստանի եւ ուժեղ սփիւռքի բանաձեւը։ «Հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան առանցքը պէտք է ըլլան ուժեղ, յառաջադէմ, մրցունակ, հեռանկարային Հայաստանը, որու հետ իւրաքանչիւր հայ կը փափաքի առընչուիլ՝ կազմակերպուած, պետականակեդրոն ինքնութեամբ սփիւռքը՝ իր բազմազանութեամբ, մասնագիտական, մարդկային եւ ելմտական ներուժով, համաշխարհային տարածումով եւ ցանցային բնոյթով, ինչ որ 21-րդ դարու մրցակցային առաւելութիւններէն մին է», ըսաւ Զարեհ Սինանեան։

Հարկ է նշել, որ քորոնաժահրի համաճարակի վերջին շաբաթներուն Զարեհ Սինանեանի գրասենեակը սփիւռքեան շրջանակներու հետ անմիջական կապի մէջ գտնուեցաւ հեռավար դրութեամբ։ Այսպէս, գրասենեակը սկսած է «Սփիւռքը կապի մէջ է» ծրագրին։ Կը հաղորդուի, որ Զարեհ Սինանեան այս ծրագրի մեկնարկին առթիւ հերթական անգամ արեւմտահայերէնի կարեւորութեան վրայ կանգ առած է։ Ըստ իրեն, արեւմտահայերէնը լայնօրէն պէտք է դասաւանդուի նաեւ Հայաստանի մէջ ու երկիրը պէտք է դառնայ արեւմտահայերէնի ուսուցման կեդրոն։

«Սփիւռքը կապի մէջ է» ծրագրի նպատակն է՝ առցանց հանդիպումներու միջոցաւ շարունակել համայնքային ծանօթութիւնները, առկայ խնդիրներու արծարծումն ու համագործակցութեան ամրապնդումը: Այս մասին հաղորդած են Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն։

«Պայմանաւորուած աշխարհին մէջ տիրող իրավիճակով՝ Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան չեղարկած է շարք մը գործուղումներ: Սակայն սփիւռքի հետ կապն ու համայնքներու հետ աշխատանքը կը շարունակեն մնալ գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի օրակարգի առաջնահերթութիւններուն մէջ: Այդ իսկ նպատակով գրասենեակը Զարեհ Սինանեանի գլխաւորութեամբ մեկնարկած է «Սփիւռքը կապի մէջ է» ծրագիրը՝ նպատակ ունենալով առցանց հանդիպումներու միջոցով շարունակել համայնքային ծանօթութիւնները, խնդիրներու վերհանումն ու հասցէագրումը, համագործակցութեան խորացումը», նշուած է գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Առաջին առցանց հանդիպումը տեղի ունեցած է Սպանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Զարեհ Սինանեան ողջունած է տեսակապի մասնակիցները եւ նշած՝ թէ անկախ աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակէն, սփիւռքի հետ կապը պիտի ըլլայ՝ մնայուն եւ զարգացող:

Այնուհետեւ սպանահայ համայնքի անդամները ներկայացուցած են տեղւոյն հայութեան իրավիճակը, առօրեան եւ խնդիրները, յատկապէս շեշտելով կարեւորութիւնը այն հանգամանքին, որ վարակի դէմ պայքարին մէջ համայնքը միահամուռ կ՚աջակցի իշխանութիւններուն՝ հանդէս գալով շարք մը նախաձեռնութիւններով, պատրաստելով անվճար պաշտպանիչ դիմակներ, սնունդ տրամադրելով կարօտեալներուն կամ կազմակերպելով բուժաշխատողներու անվճար տեղափոխութիւնը: Նշուած է, որ հայութեան շրջանակներու մէջ կան վարակակիրներ, որոնք բուժման փուլին կը գտնուին: Այս պայմաններու մէջ միօրեայ դպրոցները կը շարունակեն հեռակայ դրութեամբ ուսուցումը:

Համայնքային ներկայացուցիչները ընդգծած են Սինանեանի գրասենեակին ստանձնած այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով, որ Սպանիոյ հայ համայնքին ստուար մէկ մասը երկար տարիներ դուրս մնացած է հայրենի կառավարութեան հոգածութենէն:

Համայնքային գործիչները յատկապէս մտահոգութիւն յայտնած են, թէ Սպանիոյ հայութեան կը սպառնայ ձուլման վտանգը, քանի որ Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներու ծնողները յաճախ հետեւողական չեն, միւս կողմէ ալ համայնքը չունի աւանդական կառոյցներ, չկան մշակոյթի տուներ, ամէնօրեայ դպրոցներ եւ տեղւոյն հայ երիտասարդներէն շատեր կը փափաքին վերադառնալ եւ աշխատիլ հայրենիքի մէջ:

Յաջորդ տեսակապը Պելժիոյ հայ համայնքին հետ եղած է: Մասնակցած են համայնքային, կրթական, մշակութային, կուսակցական շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէն Նիքոլա Դաւիթեան նշած է, թէ երկրին տասնեակ մը քաղաքներուն մէջ կը գործեն յիսուն հայկական կազմակերպութիւններ եւ երկու տարի յետոյ պելժիահայ համայնքը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Գլխաւոր յանձնակատարը բարձր գնահատած է համայնքին կազմակերպուածութիւնն ու օրինակելի համախմբուածութիւնը: Այնուհետեւ ան անդրադարձած է քորոնաժահրի հետեւաքնով Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին, սահմանափակումներուն, տնտեսական եւ ընկերային նախաձեռնութիւններուն: Ներկայացնելով գրասենեակին ծրագրերն ու հնարաւոր փոփոխութիւնները՝ Զարեհ Սինանեան նշած է, թէ՝ «Քայլ դէպի տուն», երիտասարդ առաջնորդներու ծրագրերու իրագործումը կասկածի տակ է, ջնջուած են շարք մը համայնքային այցելութիւններ, համաժողովները հաւանաբար տեղի կ՚ունենան առցանց ձեւաչափով: Սփիւռքի մասնագէտներու «իԳործ» ծրագիրը կը սկսի սեպտեմբերին եւ առ այդ Հայաստանի պետական համակարգին մէջ աշխատելու համար դիմում կատարած է 800 մասնագէտ: Գլխաւոր յանձնակատարը անդրադարձած է նաեւ գրասենեակի նպատակներուն. ինչպէս՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդում, փոխադարձ ներգրաւուածութիւն, հայրենադարձութեան համար նախապայմաններու ստեղծում, ներդրումներու խթանում եւ ներդրումային դաշտի բարելաւում:

Այնուհետեւ համայնքային ներկայացուցիչները գլխաւոր յանձնակատարին ուղղած են տասնեակ հարցումներ, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերէին զանգուածային, մասնագիտական հայրենադարձութեան, համապատասխան օրէնքի եւ ռազմավարութեան մշակման ու ընդունման, հայրենադարձողներուն տրամադրուող մաքսային արտօնութիւններուն, ներդրումային աջակցութեան, հայապահպանութեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այժմ սփիւռքի հետ աշխատանքը առաւելաբար հայաստանակեդրոն չէ՞, Զարեհ Սինանեան նշած է, թէ հզօր Հայաստանը սփիւռքի երկարակեացութեան գրաւականն է եւ ուժեղ պետականութեան պայմաններուն մէջ սփիւռքը աւելի քիչ խնդիրներու կը բախի:

Ինչ կը վերաբերի արեւմտահայերէնի պահպանման՝ յանձնակատարը ընդգծած է, թէ արեւմտահայերէնը լայնօրէն պէտք է դասաւանդուի նաեւ Հայաստանի մէջ եւ հայրենիքը պիտի դառնայ արեւմտահայերէնի ուսուցման կեդրոնը։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020