ԳԵՐՄԱՆԱՑԻՆԵՐԸ ԴԺԳՈՀ
Գերմանացիներու մեծամասնութիւնը հասարակական փոխադրամիջոցներով երթեւեկելը նախընտրելի չի համարեր։ Այսպէս, քորոնաժահրի պատճառով Գերմանիոյ մէջ շատեր չեն ուզեր օգտուիլ հասարակական փոխադրամիջոցներէն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «Deutsche Welle» պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ այդ մէկը կրնայ պատճառ դառնալ մեծ վնասներու։
«Կ՚ափսոսա՞ք, արդեօք, որ դուք չունիք սեփական ինքնաշարժ». այս հարցումը ուղղած են Գերմանիոյ քաղաքացիներուն: Գերմանացիներու աւելի քան 20 տոկոսը չունի սեփական ինքնաշարժ: Հարցման արդիւնքներու համաձայն, անոնց զգալի հատուածը ըսած է, որ կ՚ափսոսայ:
Քաղաքացիներէն շատերու մօտ փոխադրամիջոցով երթեւեկելը կը յառաջացնէ անյարմարութեան զգացում: Հարցման մասնակիցներու 36 տոկոսը նշած է, որ ներկայ փուլին փոխադրամիջոցով երթեւեկելու ժամանակ իրենք զիրենք աւելի անհանգիստ կը զգան, քան համավարակէն առաջ, 27 տոկոսը նշած է, որ շատ անհանգիստ կ՚ըլլայ: Ընդհանուր առմամբ, 63 տոկոսի համար հասարակական երթեւեկութիւնը ներկայ պայմաններու մէջ նախընտրելի չէ: Քաղաքացիները ընդգծած են, որ սեփական ինքնաշարժներով երթեւեկելը աւելի յարամարաւէտ կ՚ըլլար իրենց համար: