ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՑՆՑՈՒՄՆԵՐ

Ճաբոնի մէջ քորոնաժահրի համավարակի պատճառով արտածման ծաւալները մրցանիշային անկում արձանագրած են։ Այսպէս, Ճաբոնի Ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ընթացիկ տարուայ ապրիլին 2019 թուականի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ արտածման ծաւալները կրճատուած են 21.9 տոկոսով: Պատճառը քորոնաժահրն է:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այդ մէկը ամենացած ցուցանիշն է վերջին տասն տարուայ ընթացքին՝ 2009 թուականի հոկտեմբերէն սկսեալ, երբ Ճաբոնի տնտեսութիւնը կը գտնուէր համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ազդեցութեան տակ: Արտածման ծաւալը կազմած է 5.202 միլիառ եէն (աւելի քան 48 միլիառ ամերիկեան տոլար): Այս ցուցանիշը անկում կ՚ապրի վերջին 17 ամսուայ ընթացքին:

Միաժամանակ այս ամիս Ճաբոնի մէջ ներածման ծաւալները անկում կրած են 7.2 տոկոսով՝ համեմատած նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին հետ:

Ճաբոնի կառավարութիւնը մայիսի 18-ին կանխատեսած էր, որ, այս դանդաղացումով պայմանաւորուած, երկրին մէջ համախառն ներքին արդիւնքի ցուցանիշը 2020 թուականի վերջին կրնայ կրճատուիլ 3.4 տոկոսով:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2020