ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԷՆ ՎԵՐՋ…
Քորոնաժահրի համավարակի պատճառով աշխարհի մէջ 60 միլիոն մարդ կրնայ յայտնուիլ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է Համաշխարհային դրամատան նախագահ Տէյվիտ Մելփաս։
«Համավարակը եւ աշխատանքի դադարեցումը զարգացած տնտեսութիւններու մէջ կրնան յանգեցնել այն կէտին, որ շուրջ 60 միլիոն մարդ յայտնուի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ: Այդ մէկը բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ աղքատութեան դէմ պայքարի հարցին մէջ վերջին տարիներուն ունեցած ձեռբերումներու զգալի հատուածի վրայ», ըսած է Մելփաս: Ան նշած է, որ տնտեսական աճին վերադառնալու համար անհրաժեշտ է արագ եւ ճկուն արձագանգել արտակարգ իրավիճակին, օգնութիւն տրամադրել հասարակութեան աղքատ խաւին, այդ կարգին՝ գանձատրական: Պէտք է աջակցիլ մասնաւոր հատուածին եւ ամրապնդել տնտեսութեան կայունութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Համաշխարհային դրամատունը համավարակի դէմ պայքարի շրջանակէն ներս արդէն աջակցութիւն ցուցաբերած է հարիւր երկրի, որոնց բնակչութիւնը կը կազմէ աշխարհի բնակչութեան 70 տոկոսը: Ընդհանուր առմամբ, Համաշխարհային դրամատունը կը պարտաւորուի 15 ամսուան ընթացքին դրամաշնորհի, պարտքի եւ ներդրումներու տեսքով յատկացնել 160 միլիառ տոլար՝ քորոնաժահրի դէմ պայքարելու համար: