ՊՐԻՒՔՍԵԼԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, եռակողմանի հանդիպումէն առաջ Շարլ Միշել առանձնազրոյցներ ալ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երեւանէն տեղեկացուեցաւ, որ երէկուան քննարկման արդիւնքով համաձայնութիւններ գոյացան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման ուղղեալ աշխատանքներու ապագայ ընթացքի, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ու անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի աշխատանքներու սկիզբին վերաբերեալ։ Քննարկման առարկայ դարձան նաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով բանակցային գործընթացի նախապատրաստութիւններուն, մարդասիրական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Հուսկ, Փաշինեան, Միշել եւ Ալիեւ համաձայնեցան շարունակել եռակողմանի հանդիպումները՝ նախատեսելով նման հանդիպում մը իրականացնել յառաջիկայ յուլիսին կամ օգոստոսին։

Երէկուան եռակողմանի հանդիպման լոյսին տակ Շարլ Միշել հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ յիշեցուց, որ սա արդէն երրորդ հանդիպումն էր եռակողմանի ձեւաչափով։ «Մենք կեդրոնացանք Հարաւային Կովկասի իրավիճակի եւ երկու երկիրներու, ինչպէս նաեւ աւելի լայն տարածաշրջանի հետ ԵՄ-ի յարաբերութիւնները զարգացնելու վրայ։ Քննարկումը անկեղծ եւ արդիւնաւէտ էր։ Մենք դիտարկեցինք հարցերու ամբողջ ծրարը։ Մանրամասնօրէն քննարկեցինք մարդասիրական հարցերը, ներառեալ՝ ականազերծման, պահուած անձերու ազատ արձակման եւ կորսուած անձերու ճակատագիրը պարզելու ուղղեալ ջանքերը», նշեց Շարլ Միշել, որ յայտարարութեան տեւողութեան հիմնական չորս առանցքներու շուրջ ներկայացուց մանրամասնութիւններ, ըստ հետեւեալի.

Առաջին՝ սահմանային հարցերու պարագային յառաջիկայ օրերուն միջպետական սահմանին վրայ տեղի պիտի ունենայ սահմանային յանձնաժողովներու առաջին համատեղ նիստը։ Այդ յանձնաժողովները պիտի կեդրոնանան բոլոր հարցերուն վրայ, որոնք կը վերաբերին սահմանազատման եւ կայուն իրավիճակի լաւագոյնս ապահովման։

Երկրորդ՝ հաղորդակցութիւններու պարագային ղեկավաները համակարծիք գտնուեցան, թէ անհրաժեշտ է յառաջ երթալ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ։ Անոնք համաձայնութեան հասան տարանցման կարգաւորման սկզբունքներու վերաբերեալ՝ Ատրպէյճանի արեւմուտքի եւ Նախիջեւանի, Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստանի զանազան մասերու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու միջոցաւ միջազգային բեռնափոխադրումներու շուրջ։ Անոնք համաձայնութեան հասան սահմաններու կառավարման, անվտանգութեան, հողի վճարներու, ինչպէս նաեւ մաքսային սկզբունքներու շուրջ միջազգային բեռնափոխադրումներու համատեսքին մէջ։ Այս աշխատանքները յառաջիկայ օրերուն փոխ-վարչապետներու կողմէ յառաջ պիտի տարուին։

Երրորդ՝ խաղաղութեան պայմանագրի հեռանկարին շուրջ ղեկավարները պայմանաւորուեցան յառաջ տանիլ Հայաստան-Ատրպէյճան քննարկումները, որոնցմով պիտի կարգաւորուին միջպետական յարաբերութիւնները։ Ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի կապակցութեամբ յառաջիկայ շաբաթներուն արտաքին գործոց նախարարներու գլխաւորութեամբ խումբեր այս գործընթացը յառաջ պիտի տանին։ Ի լրումն այս բոլորին Շարլ Միշել երկու ղեկավարներու նկատառման յանձնած է, որ անհրաժեշտ է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։

Չորրորդ՝ ընկերատնտեսական զարգացման առանցքին շուրջ մատնանշուած է, որ Եւրոմիութիւնը երկու կողմերու հետ պիտի շարունակէ Տնտեսական խորհրդատուական խումբի աշխատանքը, որու նպատակն է տնտեսական զարգացման ապահովումը՝ ի շահ երկու երկիրներու եւ անոնց բնակչութեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու բանակցութիւններու սկիզբը անցեալ շաբաթ նախատեսուած էր Մոսկուայի մէջ, սակայն այդպէս ալ տեղի չէր ունեցած։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ թեքնիք պատճառներ խնդրոյ առարկայ եղած են։ Այժմ, Պրիւքսելի երէկուան հանդիպումէն վերջ արդէն յայտնի դարձաւ, որ բանակցութիւնները պիտի սկսին յառաջիկային՝ ո՛չ թէ Մոսկուայի մէջ, այլ ուղղակիօրէն սահմանին վրայ։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ նախարարները անդրադարձած են տարածաշրջանի իրավիճակին եւ Ուքրայնայի իրադարձութիւններուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2022