«ԱՒԱԶԷ ԱՄՐՈՑԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ»
Ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհչալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպը, որ կը պատմէ Մեծ եղեռնի մասին, Միացեալ Նահանգներու մէջ դարձաւ ամենաշատ վաճառուող գիրքերէն մէկը, թարգմանուելով զանազան լեզուներու։
Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ համբաւ վայելող Քրիս Պոհչալեանի վէպերու հիման վրայ նկարահանուած են հոլիվուտեան ժապաւէններ։
Այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ որոշած է վէպ գրել Մեծ եղեռնի մասին, Պոհչալեան պատասխանեց. «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» երկրորդ փորձն էր՝ գրելու 1915-ի մասին։ Առաջին անգամ այս նիւթին ես անդրադարձայ 1999-ին, սակայն երբ սկսայ կարդալու վէպիս սեւագրութիւնը, հասկցայ, որ գրած եմ սարսափելի գիրք մը, որ կարելի չէր տպել։ Նորէն սկսայ գրել այս նիւթին մասին միայն 2010-ին»։
Պոհչալեան որոշած էր անպայման վէպ գրել, որովհետեւ իր մեծհայրը վերապրող մըն էր եւ նիւթը հետաքրքրական էր իրեն համար, սակայն ըստ Պոհչալեանի, հիմնական պատճառը այն էր, որ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ շատեր չեն լսած այս մասին. «Շատեր նոյնիսկ քարտէսի վրայ չեն կրնար գտնել Հայաստանը»։
«Գիտէի, որ այս մէկը պիտի ըլլայ նախեւառաջ սիրոյ մասին վէպ մը, ինչպէս օրինակ՝ «Անգլիացի հիւանդը» կամ «Տոքթոր Ժիվակօ»ն», ըսաւ գրողը։
Հեղինակը խոստովանեցաւ սակայն, թէ վէպը գրելու ժամանակ չէր կրնար պատկերացնել, որ ան պիտի դառնայ շատ վաճառուող գիրք մը եւ պիտի թարգմանուի քանի մը լեզուներու։ Ամերիկայի մէջ դիւրին չէ յաջողակ գրող մը ըլլալ։ Քրիս կ՚ըսէ, թէ թէեւ յաջողակ գրող մը կը նկատեն զինքը, սակայն չի գիտեր, թէ ի՞նչ է գաղտնիքը։
Պոհչալեան կ՚ըսէ, որ կը սիրէ գրել, կը սիրէ առտուն վեցին արթննալ եւ աշխատիլ մօտ վեց ժամ։ «Գրելը մեծ հաճոյք մըն է ինծի համար։ Բացի գրելէ զիս երջանիկ կը դարձնէ կինս ու դուստրս», յայտնեց Պոհչալեան, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հետ ունեցած իր զրոյցի ընթացքին։