ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակը կը կազմակերպէ հրապարակային դասախօսութիւն մը՝ հանրութեան ներկայացնելու համար Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի դատին զարգացումները։ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը նոր հորիզոններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց» ձեռնարկին ժամանակ հրապարակային դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ ականաւոր պատմաբան Փրոֆ. Թանէր Աքչամ։ Սարքելի մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ելոյթներ պիտի ունենան միջազգային ատեաններու մօտ փաստաբան Տքթ. Փայամ Ախաւան, Փրոֆ. Թանէր Աքչամ, լիբանանեան համալսարանի դասախօս Տքթ. Նորա Պայրաքթարեան եւ կալուածային հարցերու փաստաբան Տքթ. Ճէմ Սոֆուօղլու։ Պիտի կայանայ նաեւ Թանէր Աքչամի հանդիպումը երիտասարդութեան հետ։ Յիշեալ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 30 Յունիս-1 Յունիս թուականներուն, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ։