ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՎԱՆՔԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ

Ար­ցա­խի մէջ գտնուող Գան­ձա­սա­րի վան­քին կից պի­տի կա­ռու­ցուի մա­տե­նա­դա­րան մը, պե­տա­կան պիւտ­ճէով։ Շի­նու­թիւ­նը, ուր պի­տի պահ­պա­նուին հին հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­ներն ու մա­տեան­նե­րը, 2004 թուականին կա­ռու­ցուած էր որ­պէս հո­գե­ւոր դպրա­տուն։ Ան­ցեալ տա­րի սկսած էին շէն­քի վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ա­տի­կա եր­յար­կա­նի ըն­դար­ձակ շի­նու­թիւն մըն է՝ ժա­մա­նա­կա­կից ճար­տա­րա­պե­տա­կան ո­ճով։ Շէն­քը նա­խա­տե­սուած է բազ­մաբ­նոյթ գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար. գիր­քերն ու ձե­ռագ­րե­րը պի­տի պահ­պա­նուին ա­ռա­ջին յար­կին վրայ՝ յա­տուկ պատ­րաս­տուած գրա­պա­հոց­նե­րուն մէջ, ուր պի­տի ըլ­լայ նաեւ ըն­թեր­ցաս­րա­հը։ Այս յար­կին վրայ տե­ղա­կա­յուած պի­տի ըլ­լայ նաեւ գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած հա­մա­գու­մար­նե­րու դահ­լի­ճը։ Երկ­րորդ յար­կը պի­տի գտնուի ցու­ցաս­րա­հը։ Այս­տեղ պի­տի ըլ­լան նաեւ վար­չա­կան աշ­խա­տա­սե­նեակ­նե­րը։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի ճար­տա­րա­պետն է Ար­թուր Մես­ճեան, որ կառուցած է նաեւ Մաշտոցեան մատենադարանի նոր մասնաշէնքը։ Շէն­քը պի­տի սկսի գոր­ծա­ծուե­լու Նո­յեմ­բե­րին։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015