ԵՐԴՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Յու­նիս 7-ի ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ար­դիւն­քին ձե­ւա­ւո­րուած խորհր­դա­րա­նը այ­սօր կը ձեռ­նար­կէ իր աշ­խա­տանք­նե­րուն։ 550 ե­րես­փո­խան­ներ, ո­րոնց կար­գին նաեւ ե­րեք հայ ե­րես­փո­խան­ներ, երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեամբ պի­տի սկսին ի­րենց աշ­խա­տան­քին։ Ա­նոնց ա­ռա­ջին գոր­ծը պի­տի ըլ­լայ ընտ­րել խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը։

Ա­նոնք, ո­րոնք պի­տի ու­զեն ստանձ­նել այդ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նը, ի­րենց դի­մում­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն մին­չեւ Յու­նի­սի 27-ը։ Ա­ռա­ջին թեկ­նա­ծուն ե­ղաւ Տեն­կիր Միր Մեհ­մէտ Ֆրատ, որ ա­ռա­ջադ­րուե­ցաւ ՀՏՓ­-ի կող­մէ։

Խորհր­դա­րա­նը այս շրջանին պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի նաեւ թրքա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Հան­րա­պե­տա­կան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ա­ռա­ջին ան­գամ ե­րեք ե­րես­փո­խան­ներ միա­ժա­մա­նակ քով քո­վի պի­տի պաշ­տօ­նա­վա­րեն երկ­րի խորհր­դա­րա­նէն ներս։ Ա­նոնց շար­քի է նաեւ կին ե­րես­փո­խան մը, որ ա­ռա­ջինն է թրքա­հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ։ Այս­պէս, ՃՀՓ­-էն Սե­լի­նա Տո­ղան, ԱՔ կու­սակ­ցու­թե­նէն Մար­գար Է­սաեան եւ ՀՏՓ­-էն Կա­րա­պետ Փայ­լան այ­սօ­րուան երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեամբ պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի լծուին աշ­խա­տան­քի։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015