ՓԱԼՄԻՐԱ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

«Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման զի­նեալ­նե­րը ա­կա­նա­պա­տած են Սու­րիոյ տա­րած­քին գտնուող Փալ­մի­րա հնա­գոյն քա­ղա­քին ա­ւե­րակ­նե­րը։ Ըստ հա­սած լու­րե­րու, ա­կան­ներ տե­ղադրուած են հնա­գոյն յու­շար­ձան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հռո­մէա­կան ամ­փի­թատ­րո­նին շուրջ։ Ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու նպա­տա­կը դեռ յստակ չէ. ա­նոնք ճար­տա­րա­պե­տա­կան հա­մա­լի­րը ա­կա­նա­պա­տած են զայն պայ­թեց­նե­լո՞ւ, թէ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րու մուտ­քը կան­խե­լու նպա­տա­կով։

Փալ­մի­րա ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին վրայ կը գտնուի եւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ա­մե­նա­յայտ­նի ճար­տա­րա­պե­տա­կան հա­մա­լիր­նե­րէն մէկն է։ Ուշ ան­թիք շրջա­նի ա­մե­նա­հա­րուստ քա­ղաք­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող Փալ­մի­րա կը գտնուի Դա­մաս­կո­սի եւ Եփ­րա­տի մի­ջեւ։ Հռո­մէա­կան կայս­րու­թեան մաս կազ­մող քա­ղա­քին մէջ ցարդ կան­գուն մնա­ցած են 2000-ա­մեայ ճար­տա­րա­պե­տա­կան կո­թող­ներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015