ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Սէն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հանգուցալուծման շուրջ որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած։ Ծանօթ է, որ Երկուշաբթի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին ի մի բերաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ երեք նախագահները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Այս կապակցութեամբ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նալպանտեան թէ՛ ամփոփ մանրամասնութիւններ հաղորդեց Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տարուած աշխատանքին շուրջ եւ թէ անդրադարձաւ եռակողմանի հանդիպման առընչութեամբ Պաքուէն հնչած կարգ մը պնդումներուն։
Ըստ Նալպանտեանի, Սէն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովը բացառութիւն մը չէր։ Այն ազէրի պաշտօնատարները, որոնք այս հանդիպման շուրջ պնդումներ կը տարածեն, ներկայ գտնուած են միմիայն աշխատանքային ճաշկերոյթին, որու ընթացքին քննարկուած են բացառապէս հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութիւններու ստեղծման եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցչի խումբի ամրապնդման հարցերը։
«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի ծրարային կարգաւորման՝ ապա, առաջին հերթին անոր հիմքին, ինչպէս բազմիցս յայտարարուած է, պէտք է գտնուի Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անոր կենսագործման ճանաչումը։ Սէն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովին հիմնահարցի հանգուցալուծման վերաբերեալ որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած։ Այս փուլին Ատրպէյճան պէտք է անվերապահօրէն կատարէ Վիեննայի եւ Սէն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած եւ վերահաստատուած պայմանաւորուածութիւնները՝ նախ եւ առաջ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով հիմնախնդրի կարգաւորում, 1994-1995 թուականներու հրադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագրերու հնազանդութիւն, դէպքերու հետաքննութեան դրութեան ստեղծում, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցչի խումբի կարողութիւններու ընդլայնում։ Այս բոլորը թոյլ պիտի տայ ստեղծել համապատասխան պայմաններ՝ հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններու վերսկսման համար», ըսաւ ԵդուարդՆալպանտեան։
Մինչ այդ, երէկ, Եդուարդ Նալպանտեան Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը։ Ան այս առթիւ Արցախի իր գործընկերոջ ներկայացուց Սէն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատըր-պէյճանի նախագահներու եռակողմանի գագաթաժողովին արդիւնքները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդ-ւարդ Նալպանտեան եւ Կարէն Միրզոյեան կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ դէպքերու հետաքննութեան դրութեան ստեղծման, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցչի խումբի կարողութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ Վիեննայի եւ Սէն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման շուրջ։ Անոնք կանգ առին նաեւ իրենց գլխաւորած նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերուն վրայ։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութիւնով մը մեկնեցաւ Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ, ան Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ՝ Պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին հետ՝ քննարկելով բանակաշինութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։
Սերժ Սարգսեան, Բակօ Սահակեան եւ Արցախի նախկին նախագահ Արքատի Ղուկասեան այցելեցին նաեւ սահմանագծի շարք մը հատուածներ՝ հարաւային ուղղութեամբ, տեղւոյն վրայ ծանօթացան զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ իրավիճակին։