ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆՈՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ ձեռնարկուած ռազմափորձերու մթնոլորտին մէջ անցեալ շաբաթավերջին սաստկացած էին հրադադարի խախտումները եւ ազէրի զօրքերուն կողմէ կատարուած յարձակումներուն զոհ գացած էր չորս հայ զինուոր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերջին օրերուն Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ դարձեալ տեղի ունեցան բախումները։ Յունիսի 21-22-ի գիշերը Ատրպէյճանի զօրքերը փորձեցին մասնաւոր գործողութիւնով մը ներթափանցել Արցախի սահմաններէն ներս։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կանխեց այդ գործողութիւնները։ Հայկական զօրքերու հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները ճիշդ ժամանակին նկատեցին յառաջխաղացումը եւ անմիջապէս անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առին։ Ստեփանակերտի աղբիւրներու հաղորդումներով, ազէրի զօրքերը ետ քաշուեցան՝ առնուազն չորս զոհ տալով։ Միեւնոյն ժամանակ ազէրի զօրքերը հայկական մերձդիրքային հատուածին մէջ թողեցին յատուկ յարձակումներու անձնակազմի բնորոշ իրեր։

Ատրպէյճանի զօրքերու ներթափանցման փորձը կանխելու ընթացքին Արցախի Պաշտպանութեան բանակը որեւէ կորուստ չունեցաւ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ առաջնագծին վրայ գործնական իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ հայկական զինեալ ուժերու լիակատար վերահսկողութեան ներքեւ։

Ուրբաթ, Յունիս 23, 2017