ԵՒ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ…

Պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ երէկ անկիւնադարձային իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, ընտրութեան հարցին շուրջ Պատրիարքական Աթոռը ի վերջոյ դիմեց պետութեան։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, վերջին օրերուն արդէն համապատասխան պատրաստութիւնները հա-սունցած էին բաւականաչափ։ Դիմումը մնացած էր ժամկէտի նախընտրութեան։ Կրօնական ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան առաւօտեան ժամերուն մեզի հաղորդած էր, որ մօտալուտ Ռամազանի տօնի արձակուրդէն վերջ պիտի կատարուէր այս դիմումը։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան երէկ վերջին օրերուն ունեցած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ մէկտեղուեցաւ իր անմիջական շրջանակէն կարգ մը դէմքերու հետ։ Այդ խորհրդակցութենէն վերջ Նորին Սրբազնութեան մօտ գոյացաւ այն վերջնական համոզումը, թէ կարիք չկայ սպասելու արձակուրդի աւարտին եւ այդ քայլը պէտք է արագացնել հնարաւորինս։

Այդ պահէն սկսեալ յաչս պետութեան կատարուելիք դիմումի նամակին բովանդակութիւնը վերջնական ձեւի բերուեցաւ։ Նամակը ստորագրեցին Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Նամակի ստորագրումէն վերջ այդ մէկը յանձնուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան դիւանին։ Նամակը յանձնեցին Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան եւ Կրօնական ժողովի ատենադպիր Տ. Տրդատ Քահանայ Ուզունեան՝ որպէս Կրօնական ժողովի դիւանի ներկայացուցիչներ։

Հասկնալի է, որ հիմա մեր համայնքին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ այս դիմումի հաւանական արդիւնքին վրայ։ Պատկան իշխանութիւնները հաւանաբար յառաջիկայ շրջանին արձագանգեն այս նամակին։ Այդ հիման վրայ չի բացառուիր նաեւ, որ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան այցելէ Իսթանպուլի նահանգապետարան։

Յարակից սիւնակին մէջ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք այս նիւթին շուրջ Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ԽՆԴՐԱ­ԳԻ­ՐԸ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈ­ՒԵ­ՑԱՒ ԿՈՒ­ՍԱ­ԿԱ­ԼՈՒ­ԹԵԱՆ

Ծանօթ է մեր հասարակութեան թէ,  26 Հոկտեմբեր 2016-ին գումարուած Եկեղեցական Համագումար Ժողովը Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը հանգստեան կոչած եւ Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս թափուր յայտարարած էր։ Նոյն ժողովին մէջ որոշուած էր, նաեւ Նորին Ամենապատուութեան հանգստեան կոչուելու պարագաները, նաեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան խնդրանքը ներկայացուէր պետական պատկան մարմիններուն։

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պեքճեանի տնօրինութեամբ պատրիարքական ընտրութեան խնդրագիրը երեկ միջօրէին յանձնուեցաւ Իսթանպուլի Կուսակալութեան, առ ի տնօրինութիւն պատշաճին։

Խնդրագրին ներփակեալ ներկայացուեցան նաեւ Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակին մասին տրուած բժշկական տեղեկագրերը, ինչպէս նաեւ իրեն համար խնամակալ կարգուած ըլլալու դատական որոշմնագիրը։

Նոյնպէս սոյն խնդրագրին մէջ հաղորդուեցաւ նաեւ 15 Մարտ 2017-ին գումարուած Եկեղեցական Համագումար Ժողովին կատարուած Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութեան արդիւնքը։

Տեղեկութիւն տրուեցաւ նաեւ, թէ ի զօրու օրինական տրամադրութեանց, մեր աւանդական կանոններու ու հնամենի սովորութեանց համաձայն իրագործելի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին համար պիտի ձեռնարկուէր Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի կազմութեան եւ կազմելի Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներու ցանկը պիտի ներկայացուէր Կուսակալութեան, առ ի տնօրինութիւն պատշաճին։

Ուրբաթ, Յունիս 23, 2017