ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՓՈՒԼ

Վաղը բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ։ Ժողովուրդը քուէատուփի մօտ պիտի փութայ՝ ընտրելու համար թէ՛ Հանրապետութեան նախագահը եւ թէ 27-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովը։ Վեց թեկնածուներ կը յաւակնին հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին։ Բացի գործող նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանէն, միւս թեկնածուներն են՝ Մուհարրէմ Ինճէ, Մերալ Աքշենէր, Սելահատտին Տեմիրթաշ, Թեմէլ Քարամոլլաօղլու եւ Տողու Փերինչէք։ Այս անուններէն մին եթէ առաջին փուլին յաջողի 50 տոկոսէ մէկ ձայն աւելի ապահովել՝ ապա ուղղակիօրէն պիտի ընտրուի նախագահ։ Այլապէս, հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար երկրորդ փուլի քուէարկութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։

Խորհրդարանական ընտրութիւններու պարագային ձեւաւորուած են երկու դաշինքներ եւ կան նաեւ առանձին կուսակցութիւններ։

Բուռն պայքարի մը մթնոլորտին մէջ աւելի քան ամիսէ մը ի վեր նախընտրական գործընթացը բնորոշեց երկրին օրակարգը, թափով յառաջ տարուած քարոզարշաւով մը հանդերձ։ Վաղուան ընտրութիւններու արդիւնքի հիման վրայ Թուրքիոյ մէջ վերջնականօրէն պիտի հաստատուի կառավարման նոր համակարգ մը, որ նախատեսուած է Սահմանադրութեան վերջին փոփոխութիւններով։

Խորհրդարանական ընտրութիւններու մէջ զանազան կուսակցութիւններու կողմէ առաջադրուած են նաեւ հայազգի թեկնածուներ։ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս դարձեալ թեկնածու ներկայացուած է Մարգար Էսաեան։ Վերջին տարիներուն Իսթանպուլի երեսփոխան եղած Կարօ Փայլան այս անգամ իր կուսակցութեան՝ ՀՏՓ-ի կողմէ թեկնածու ցոյց տրուած է Տիարպաքըրէն։ «ԻՅԻ» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներու շարքին ալ կայ հայազգի անուն մը՝ Էլմաս Կիրակոս՝ Իսթանպուլի Գ. ընտրաշրջանէն։

Վաղուան ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ծայր աստիճան բեւեռացեալ մթնոլորտի մը մէջ։ 15 յուլիս 2016 թուականին ձախող զինուորական յեղաշրջման փորձէն վերջ Թուրքիոյ առջեւ ծառացան բազում մարտահրաւէրներ եւ ապրուեցան լուրջ ցնցումներ։ Այդ բոլորը ծանր ազդեցութիւն գործեցին երկրի կեանքին վրայ։ Տարածքաշրջանի անբարենպաստ իրադրութեան ալ ազդեցութիւնով Թուրքիա պարտաւորուեցաւ դիմագրաւել բազում բարդութիւններ։ Ատեն-ատեն երկրի կեանքը դուրս եկաւ բնականոն հունէն, մինչ լարուածութիւններն ու անվստահութիւնները հասան անհաւատալի համեմատութիւններու։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ պետութիւնը թէեւ յաջողեցաւ կառավարելի հունի մը մէջ պահել ընդհանուր երթը, սակայն գործընթացը անտարակոյս չափազանց մաշեցուցիչ էր։ Բեւեռացեալ առկայ իրավիճակին մէջ կառավարութիւնը անհրաժեշտ համարեց ձեռնարկել կանխահաս ընտրութեան եւ այդ փուլը արդէն հասած է։ Վաղուան ընտրութեան արդիւնքով կա՛մ գործող իշխանութիւնը վստահութեան մեծ քուէ մը ստանալով պիտի շարունակէ ճանապարհը եւ կամ աւելի քան 15 տարուայ ժամանակաշրջանէ մը վերջ Թուրքիոյ մէջ պիտի ապրուի իշխանափոխութիւն։ Արդիւնքները կամ վարկածները ինչ որ ալ ըլլան, վաղուան ընտրութիւնները չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունին երկրին տեսակէտէ։ Ոչ միայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան արդի պատմութեան, այլ ընդհանրապէս անոր գոյութենէն ի վեր տեղի ունեցած ընտրութիւններու շարքին կարեւորագոյններէն մին կը համարուի այս մէկը։ Արդարեւ, երկիրը ճամբաբաժանի մը առջեւ է եւ ժողովուրդի վստահութեան քը-ւէն անհրաժեշտ դարձած է այս ճանապարհորդութեան շարունակութեան պետութեան ղեկը ստանձնելիք քաղաքական ուժին կամ ուժերուն տեսակէտէ։ Մէկ կողմէ վերջին 15 տարիներու ընթացքին արձանագրուած նուաճումները, իսկ միւս կողմէ նոր ակնկալութիւնները… Այս խաչմերուկին վրայ վաղը պիտի կողմնորոշուին Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները եւ պիտի քուէարկեն՝ որպէսզի ձեւաւորուի երկրին յառաջիկայ շրջանի ղեկավարութիւնը։

Թէեւ բազմաթիւ հարցախոյզներու արդիւնքի հիման վրայ կը կատարուին ենթադրութիւններ, կանխատեսումներ, սակայն վաղը այդ բոլորը պիտի դառնան երկրորդական, որովհետեւ վաղը պիտի խօսի ժողովուրդը եւ անոր խօսքն է, որ պիտի ըլլայ վճռորոշ, վերջնական ու բախտորոշ։ 

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018