ԵՄ-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ

Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցան Մինսքի մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ Եւրոյանձնաժողովէն՝ հարեւանութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան։ Ժողովին մասնակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, լիագումար նիստի ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Նախարարը այս առթիւ կարեւորեց Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէ ներս ներգրաւուածութիւնը, ինչ որ կը շարունակէ արդիւնաւէտ հարթակ մը հանդիսանալ համագործակցութեան ոգին յառաջ մղելու համար։ «Մենք կը շարունակենք հաստատակամ քայլեր ձեռնարկել մեր յարաբերութիւններուն մէջ այդ ոգին ամրապնդելու եւ գործընկեր երկիրներու միջեւ վստահութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը ընդլայնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Զօհրապ Մնացականեան։

Մինսքի մէջ Զօհրապ Մնացականեան խօսեցաւ նախօրէին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան խորհուրդի առաջին նիստին շուրջ։ Ան նշեց, որ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի միջանկեալ կիրակման հետեւած հանդիպումը գործնական հնարաւորութիւն ընձեռած է գնահատելու համար գործընկերութեան այս մակարդակը եւ ուրուագծելու յառաջիկայ գերակայութիւնները։

Մինսքի ժողովին ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան կանգ առաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։ Ան վերահաստատեց հայկական կողմի յանձնառութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափէն ներս հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ «Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը Հայաստանի հիմնական առաջնահերթութիւններն են։ Խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը առանցքային նշանակութիւն ունի բանակցային գործընթացի արդիւնաւէտութեան համար եւ այս բանը պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դառնայ։ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծի երկայնքով, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը, ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, մարդոց միջեւ շփումներու խոչընդոտումը պէտք է յստակօրէն մերժուին։ Թէ՛ ԵՄ-ի անդամ եւ թէ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրները պէտք է խստօրէն ձեռնպահ մնան այն բոլոր գործողութիւններէն, որոնք տեղի կու տայ տարածքաշրջանէ ներս սպառազինութիւններու մրցավազքի։ Անոնք զերծ պէտք է մնան այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կը խոչընդոտեն խաղաղութեան գործընթացը կամ կը խաթարեն բանակցութիւններու համաձայնեցուած ձեւաչափի աշխատանքները», նշեց Մնացականեան Մինսքի մէջ։

Առեւելեան գործընկերութեան ժողովին մասնակցելու առընթեր, Մինսքի մէջ Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Վիլատիմիր Մաքէյի հետ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄՈԿԵՐԻՆԻ

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ նախընթաց օր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ժողովի լոյսին տակ։ Ըստ իրեն, Հայաստանի հետ վիզայի դրութեան դիւրացման գործընթացը յաջողութեամբ կ՚իրականացուի։ 

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018