ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը» խորագրեալ գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքը։ Այս գիտաժողովի ծիրէն ներս տարուեցաւ ծաւալուն աշխատանք։ Աւարտին, նախաձեռնարկ կեդրոնին կողմէ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ հայերը» գիտաժողովի երկրորդ հանգրուանը աւարտեց իր աշխատանքները: Երկհանգրուան այս գիտաժողովին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ, 12 եւ 13 Ապրիլ 2018-ին, իսկ երկրորդը՝ 29 եւ 30 Մայիս 2018-ին Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:

Երեքշաբթի, 29 Մայիս 2018-ի առաւօտեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց առաքելական թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Եպսկ. Փանոսեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի ներկայացուցիչ վերապատուելի Նշան Պագալեան եւ վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան, եգիպտահայ հիւրեր, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներ:

Կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան իր բացման խօսքին մէջ բարիգալուստ մաղթեց եւ նշեց, թէ «այս գիտաժողովներուն շարքին հինգերորդով հատած կ՚ըլլանք ծրագրուած շարքին կէսը, եւ թէ՝ Գահիրէի մէջ կայացած երեք նիստերու 10 զեկուցողներուն կու գան աւելնալու 7 նիստերու 26 ուրիշ զեկոյցներ»: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլոր մասնակիցներուն՝ ան նշեց, որ մասնակիցներու «անձնական, ընտանեկան, հաւաքական-ազգային, թէ գիտական ենթահողէ բխած զեկոյցները չեն սահմանափակուիր լոկ գիտելիքի փոխանցմամբ: Այդ գիտելիքին մէջ կայ գնահատանք՝ իրագործուածին հանդէպ, պայքար՝ գոյատեւումի, ճիչ՝ աջակցութեան, կոչ՝ որոնումի, թելադրանք՝ խորաթափանց եւ այլատեսակ վերլուծումներու, մարտահրաւէր՝ գալիքի:- Ան աւելցուց թէ,- այս հաւաքը ե՛ւ գիտաժողով է, ե՛ւ խորհրդաժողով, նաեւ՝ իւրօրինակ դրսեւորումը հայու տագնապին, որ միշտ կը դիմափոխուի, կը փոխակերպուի՝ ի դիմաց հայու գիտաքննական միտքին եւ յարափոփոխ միջավայրին: Գիտաքննական այդ միտքը հա-ւանաբար բնազանցական տագնապը կ՚ապրի ինքնութենական գոյութենութեան»: Ան գիտաժողովին մեծագոյն բացական նկատեց «ներսփիւռքեան փոխյարաբերութիւններու տարածքը, որուն ռազմավարական կարիքը տակաւ կը շեշտուի, մանաւանդ երբ նկատի կ՚առնենք Միջին Արեւելքի այս հայօճախներուն նօսրացումն ու տկարացումը, որուն դիմաց համաշխարհայնացման հետեւանքով զօրացող անդրսահմանայնութիւնը եւ սոֆթ փաուըրը աներեւակայելի հնարաւորութիւններ կը յառաջացնեն»: Ան հրաւիրեց ներկաները «առաւել ուշադրութեամբ խորհրդածելու եւ գործելու՝ շրջանի եւ ընդհանրապէս հայութեան անդրսահմանային, ներհայկական ցանցակալման, փոխջրդեղումի, զօրակցումի եւ փոխաջակցութեան առընչութեամբ»:

Տքթ. Տագէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, որ այս տարի եւս նիւթաբարոյապէս աջակցեցաւ այս գիտաժողովին իրականացման, աւելցնելով, որ «խորքին մէջ, գրեթէ անկարելի էր երեւակայել - նկատի առնելով դիմագրաւուած նիւթական դժուարութիւնները - այս գիտաժողովին կայացումը՝ առանց Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան ամուր եւ վճռական թիկունքին»:

Վեր. Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան բարիգալուստ մաղթելէ ետք արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն եւ լիբանանահայ ներկաներուն՝ ըսաւ. «Անգամ մը եւս, Սփիռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը մեզ կը հաւաքէ իր փեթակին շուրջ ծանօթանալու, վերյիշելու, կամ ուսումնասիրելու նոր տարածքաշրջան մը, ուր երկար տասնամեակներ շարունակ հայուն զարկերակը իր հիմնադիր ու ստեղծարար ազդեցութիւնը ունեցած է սփիւռքեան կեանքին վրայ, տեղական սահմաններէն շատ անդին: Ասոր մէկ նմոյշը տեսանք աւելի քան ամիս մը առաջ Գահիրէի մէջ, ուր վայելեցինք գաղութի առաջնորդարանին, միութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հիւրընկալութիւնն ու մտաւորական եւ ազգային ներդրումը: ... Մեր տարիներու գիտաժողովները կազմակերպուած են պատմութեան, քաղաքականութեան, աշխարհագրութեան, ժողովրդագրութեան, տնտեսագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, լեզուաբանութեան եւ արուեստներու ուսումնասիրութեան մարզերու եւ անոնց հանդիպման կէտերու սերտողութեան նպատակով: Մեր լսած զեկուցումներու մէջ թերեւս նուազ շեշտ դրուած է հոգեբանութեան, աստուածաբանութեան եւ մարդաբանութեան մարզերուն վրայ: Հոն ուր երկու հայ գիտաժողովի համար կը հաւաքուի, հոն կը ծնի նոր հայկական յուշահանդէս մը, պատմութիւն մը, ազգային նիւթերու քոնկրէս մը, ներուժ մը: Իսկ երբ երկու հայ Հայկազեանի մէջ հանդիպին, անոնց փորձառութիւնը կը համեմուի տեղական ու օտար անձնաւորութիւններու եւ մշակուած մտքերու իւրայատուկ հարստութեամբ մը»:

Վեր. Հայտոսթեան գնահատեց կեդրոնին եւ աշխատակիցներուն ազնիւ ջանքերը, երախտագիտութիւն յայտնեց Կիւլպէնկեան հիմնարկի Հայկական բաժնին, եւ բոլոր ներկաներուն՝ իրենց գործօն մասնակցութեան համար եւ բարեմաղթեց, որ «այս գիտաժաղովը ըլլայ օրհնաբեր, շինիչ եւ կողմնորոշուած դէպի ամուր ապագայ»:

Ապա խոհուն վերլուծութեամբ մը, Արմինիըն Նէյշընըլ Ինսթիթութի (ANI) տնօրէն Տքթ. Ռուբէն Ատալեան՝ «By the Nile and the sea, the currents and tides of modernity and the role of the Armenian Diaspora of Northeast Africa» վերնագրեալ դասախօսութեամբ բացառիկ խորութեամբ եւ վերլուծումով ներկայացուց Ափրիկէի վերջին երկու դարերու քաղաքատնտեսական եւ ընկերամշակութային համառօտ համապատկերը: Ան խորացաւ Ափրիկեան Եղջիւրի շրջանին վերիվայրումներուն, արդիականացման ներքին եւ արտաքին գործօններու շփումներէն յառաջացած ուժականութեան ու այդ «թոհուբոհ»ին մէջ շրջանի ժողովուրդներուն, հայ փոքրամասնութեան, պետական դէմքերու հակադարձութիւններուն ու կրած ազդեցութիւններուն: Քարտէսներով, փաստաթղթային լուսանկարներով ներկայացուած այս դասախօսութիւնը յառաջացուց այն ենթահողն ու միջավայրը, ուր լուսաբանուեցան յաջորդող 26 զեկոյցները:

Գումարուեցան եօթ նիստեր, որոնց ընթացքին զեկուցեցին Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Եգիպտոսէն, Եթովպիայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն եւ Միացեալ Թագաւորութենէն ժամանած փորձագէտներ ու մասնագէտներ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.- 1) Պատմութիւն մինչեւ Ի. դարասկիզբ 2) Ցեղասպանութիւն, նպաստամատոյց եւ պետութիւն 3) Եգիպտահայութիւնը 1940-80ականներուն 4) Երիտասարդութիւն, ինքնութիւն, եգիպտահայութիւնը այսօր 5) Կրթութիւն եւ Ժառանգ 6) Սուտանի հայօճախը, 7) Եթովպիոյ հայօճախը:

Հայրենի երիտասարդ պատմաբան Վահէ Սարգսեան լուսարձակի տակ առաւ հայ-եգիպտական հնագոյն կապերը հիմնուելով Վանի, Կարմիր Բլուրի եւ Մեծամօրի մէջ պեղուած եգիպտական գտածոներու վրայ: Փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան բացայայտեց Վերին Եգիպտոսի Սպիտակ վանքի որմնանկարներուն հայկականութիւնը, որմնանկարիչին անունն ու ժամանակը: Շուէտի Արքայական թանգարանի աշխատակից Անն Կրոնհամմար ներկայացուց Եգիպտոսի խտիւի նուիրակ եգիպտահայ Օհան Տեմիրճեանի շուէտական գործունէութիւնը եւ իբրեւ Շուէտի թագաւորի ներկայացուցիչ՝ Եգիպտոսի մէջ անոր գործունէութիւնը: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Տքթ. Վարդան Դեւրիկեան ըրաւ պատմականը եգիպտահայ թեմին, զայն բաժնելով չորս հանգրուաններու: Եգիպտահայ պատմաբան Արմին Քրէտեան վերլուծեց Գահիրէի հայոց 1906-ի եւ Աղեքսանդրիոյ հայոց 1911-ի մարդահամարներուն տուեալները, ահազանգելով նաեւ արխիւային նիւթերու հանդէպ առկայ անհոգ վերաբերումը: Գալիֆորնիոյ Նորթրիճ համալսարանի տնօրէնը, ժամանակակից եւ դասական լեզուներու եւ գրականութեան բաժանմունքի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն Տքթ. Վահրամ Շեմմասեան ներկայացուց Փորթ Սայիտի գաղթակայանի հիմնումը եւ նկարագրեց գաղթականներուն կեանքը՝ անոնց այնտեղ կեցութեան շուրջ չորս տարիներուն ընթացքին: Փրոֆ. Հիլմար Քայզէր լուսարձակի տակ առաւ Գրիկէրի (Գրիգոր Կէրկէրեան) ուղենշային ուսումնասիրութիւնները՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ առարկեց, որ ցեղասպանագիտութիւնը միայն վերջերս հասաւ վերլուծական այն մակարդակին, որուն առաջին քայլերը առած էր Գրիկէր: Միննըսոթայի համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Ճոն Արմաճանին վերլուծեց Եգիպտոսի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութեանց եւ մարդկային իրաւանց հանդէպ: Ան ընդգծեց անոնց ունեցած ազդեցութիւնը Եգիպտոսի հայօճախին վրայ: Եգիպտահայ մտաւորական Հայկ Աւագեանի «Արեւ» օրաթերթին մէջ Վահան Թէքէեանի լոյս ընծայած յօդուածներուն վերլուծութեան ու անոնց բովանդակային յախուռն ընթացքին խնդրով խորաթափանց եւ արդիական ուսումնասիրութիւնը կարդաց Տքթ. Մարուշ Երամեան: Տքթ. Գէորգ Եազըճեան ընդհանուր աժեւորում մը կատարեց եգիպտահայութեան վերաբերող խորհրդային արխիւներու գաղտնի փաստաթուղթերուն: Փրոֆ. Վերժինէ Սվազլեանի եգիպտահայ հայրենադարձներու՝ Հայաստանին ունեցած նպաստին համապարփակ յօդուածը կարդաց Տքթ. Եազըճեան, ի բացակայութեան Փրոֆ. Սվազլեանի:

Հայաստանի Ազգային արխիւի վաստակաւոր հետազօտող Գոհար Աւագեան ծանրացաւ աւելի Գահիրէի հայոց Առաջնորդարանի արխիւի նիւթերուն վրայ, նաեւ ընդգծեց ընդհանրապէս սփիւռքահայ արխիւներու կարեւորութիւնը՝ հայագիտական մերօրեայ պրպտումներուն համար: Նորավանք Գիտակրթական կեդրոնի գիտական քարտուղար Վահրամ Հովեան տուաւ պատկերը Եգիպտոսի հայ համայնքի մերօրեայ լրատուամիջոցներուն վիճակին, բովանդակութեան, առաքելութեան, եւ գնահատականը կատարեց համացանցի վրայ անոնց ներկայութեան: Լիմի Չոլաքեան-Խունկանեան ներկայացուց Եգիպտոսի հայ աւետարանական համայնքը՝ անդրադառնալով Ի. դարասկիզբի անոր կազմաւորման եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ համայնքի ներկայ իրավիճակին: Եգիպտահայ Թովմաս Զաքարեան՝ իբրեւ անդամը Երիտասարդ հայի նմանակ եգիպտական «Հոկտեմբեր» պարբերականի խմբագրակազմին, ներկայացուց «Հոկտեմբեր»ը, անոր գաղափարախօսական ելակէտերը, անոր ձեռնարկող երիտասարդներուն մտահոգութիւնները:

Իսկ Ժիրայր Դանիէլեան հակիրճ ներկայացուց «Հոկտեմբեր»ի պէյրութեան տարբերակ «Երիտասարդ Հայը»: Երկու ելոյթները զուգահեռներ գծեցին եւ ի յայտ բերին հայօճախներու մէջ երիտասարդ, նորարար, ըմբոստացող ալիքներուն իրարմէ անկախ եւ անջատ գոյութեան մը փաստը: Շահեկան էր սփիւռքագէտ, միջազգային համբաւի տիրացած Diaspora պարբերականի խմբագրակազմի անդամ Տքթ. Սօսի Գասպարեանի յառաջ քշած տեսութիւնը. ան եգիպտահայերը նկատեց լուռ աշխարհաքաղաքացիներ՝ ժամանակակից Եգիպտոսի մէջ: Քննարկումներուն ընթացքին Տքթ. Գասպարեանի այս տեսութիւնը նկատուեցաւ ընդհանրական վիճակը նաեւ Սփիւռքի շարք մը այլ հայօճախներու հայութեան: Շահեկան էր երիտասարդ եգիպտահայ Ասփէ Ճիզմէճեանին նիւթը. ան քննարկեց ինքնութեան մտային թէ արուեստի ընկալման երեսակները՝ Եգիպտոսի հայօճախին մէջ: Նախկին հալէպահայ, ներկայիս եգիպտահայ ուսուցչուհի եւ հայերէնի դասախօս Տքթ. Երամեան բարձրաձայնեց եւ տեսականացուց արեւմտահայերէնի ուսուցման խնդիրները՝ եգիպտահայ դպրոցին մէջ: Անոր ի պատասխան Հայկազեան համալսարանի դասախօս, կրթական մշակ Շաղիկ Խիւտավերտեան համեմատական զուգահեռներ գծեց լիբանանահայ դպրոցին առընչութեամբ եւ տուաւ անոր տեղին, դերին եւ բնոյթին հաւատամքը: Համալսարանական հայ ուսանողութեան եգիպտահայ համապատկերը ներկայացուց երիտասարդ հետազօտող, եգիպտահայ Այգ Զաքարեան: Եգիպտահայ համալսարանական ուսանողութեան ուսումնական տուեալներուն հասանելիութիւնը առիթ տուած է Զաքարեանին, որպէսզի կատարէ նման հայագիտականօրէն հազուադէպ (թերեւս իր բնոյթով՝ առաջինը) ուսումնասիրութիւնը: Ճարտարագէտ, Տքթ. Նայիրի Համբիկեան լուսարձակը բեւեռեց Սփիւռքի շինարարական ժառանգին վրայ, եւ մեկնելով եգիպտահայ փորձէն (ուր եգիպտահայ պատկան իշխանութիւնները գործնապէս լծուած են վերականգնել եգիպտահայ անցեալի ժառանգը), ան նկարագրեց եգիպտահայ առկայ հնագոյն գերեզմանատան վերականգնումի եւ բարեկարգումի աշխատանքները: Համբիկեան ընդգծեց, որ սփիւռքահայ աւանդը Մար Մինայի գերեզմանատունով կարելի է դրսեւորել նաեւ շինարարական թէ շօշափելի փաստերով: Տքթ. Համբիկեան նաեւ շահեկան տեսաբանական դրոյթ մը ներկայացուց սփիւռքահայ աւանդին ու ժառանգին մասին:

Փրոֆ. Արմաճանի ներկայացուց Հիւսիսային Սուտանի եւ Եթովպիոյ սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները՝ փոքրամասնութեանց եւ մարդկային իրաւանց հանդէպ, ու ընդգծեց անոնց ունեցած ազդեցութիւնը Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայօճախին վրայ:

Երիտասարդ արխիւագէտ Աննա Աւագեան Հայաստանի Ազգային արխիւի նիւթերու հիմամբ ներկայացուց Սուտանի հայ համայնքի պատմութիւնը՝ ԺԹ. դարավերջէն մինչեւ մեր օրերը: Տքթ. Արտակ Մաղալեան ներկայացուց Եթովպիա այցելած հայ ուղեգիրներուն ճանապարհորդական գիրքերը, նոթերը եւ արժեւորեց զանոնք:

Փարիզի ՀԲԸՄ Նուպարեան մատենադարանի երիտասարդ եւ աշխոյժ տնօրէն Տքթ. Պորիս Աճէմեան իր զոյգ դասախօսութիւններով ներկայացուց հայերու աւանդը Եթովպիոյ, մանրամասնեց Եթովպիոյ կայսերական ֆանֆարի Երուսաղէմի Արարատեան որբանոցի սաներուն մասին, եւ մանրամասնեց, թէ ինչպէս Եթովպիան՝ իբրեւ ուղղափառ երկիր, եթովպահայերուն համար նկատուած է հայրենիք եւ թէ ինչ քաղաքականութեամբ Եթովպիոյ կայսրերը ներգրաւած էին հայերը պետական ծառայութեան համակարգին մէջ:

Շահեկան էր նաեւ Ռուպինա Սվաճեան-Քինկուէլի զեկոյցը իր հօր՝ արքայական ոսկերիչ Պետրոս Սվաճեանի մասին: Սվաճեան ներկայացուց անոր հաստատուիլը Եթովպիա, եւ թէ ինչպէս ան ստացած էր կայսեր պաշտօնական արտօնագիրը՝ ոսկերչական արտադրամաս հիմնելու մասին:

Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում եւ ընդհանուր արժեւորում, ուր կարեւորուեցան նման գիտաժողովներու անհրաժեշտութիւնը, անոնց յառաջացուցած խթանը՝ նմանատիպ ուսումնասիրութիւններու եւ նման գիտաժողովներու համար անհրաժեշտ նիւթաբարոյական աջակցութիւնը:

Նիստերէն մէկուն աւարտին ներկայացուեցան վերջին երեք տարիներուն հայկական Սփիւռքին նուիրուած արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն լոյս տեսած խումբ մը գիրքեր, որոնցմէ ոմանց հեղինակները ամփոփ գիծերու մէջ մանրամասնեցին իրենց երկերուն որոշ երեսակները: Այդ գիրքերն էին. Տքթ. Եազըճեանի կազմած՝ Սփիւռքահայ քաղաքական հոսանքներն ու գաղութները խորհրդային գաղտնի փաստաթուղթերու մէջ (1945-1991), Գոհար Աւագեանի կազմած՝ Լիբանանահայ համայնքը (1915-1990) ըստ արխիւային փաստաթուղթերու, Տքթ. Սուրէն Պայրամեանի երկասիրած՝ Հայկական համայնքային կառոյցները Եգիպտոսի մէջ, Ռուբէն Աւշարեանի կազմած՝ On the record. Armenian Deputies in the Lebanese parliament 1922-1972 եւ 1972-2017, Տքթ. Սօսի Գասպարեանի համախմբագրած՝ Diasporas of the modern Middle East (contextualizing community), Տքթ.ներ Քրիստին Պապիկեան-Քարլա Էտտէ-Վահէ Թաշճեան-Լեւոն Նորտիկեանի համախմբագրութեամբ լոյս տեսած՝ Les Arméniens du Liban. Cent ans de présence, Տքթ. Տագէսեանի՝ Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). կեանքի մը երաժշտացումը, Տքթ. Սեդա Օհանեանի՝ Իրաքի համայնքը 20-րդ դարուի, Տքթ. Սարգիս Պուրունսուզեանի՝ Դամասկոսի հայերը, Մուհամմատ Աթալլա ԱլՄաանիի՝ Մաանի հայերը (1915-2016), Գէորգ Մսըրլեանի՝ Իրպիտի եւ հիւսիսային Յորդանանի հայերը, Տքթ. Ժամալ Քամալի՝ Արհեստներն ու արհեստաւորները արդի Եգիպտոսի մէջ (վերջին չորսը՝ արաբերէն), Փրոֆ. Մութաֆեանի՝ La saga des Arméniens de l՚Ararat aux Carpats նորագոյն երկը: Իսկ անգլիագիր վիպագիր, ծնունդով սուտանցի, նախկին եթովպահայ այժմ անգլիաբնակ Ռուպինա Սվաճեան-Քինկուէլ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իր եռահատոր վէպին Ա. եւ Բ. հատորները: Ուշագրաւ է, որ անգլերէն այս հատորները հասցէագրուած են պատանի ընթերցողներու:

Նիստերէն անջատ, ներկաները առիթն ունեցան դիտելու Հայկազեան համալսարանի Մուկար արուեստից ցուցասրահին մէջ ցուցադրուած Ալեքսանդր Սարուխանի շուրջ 50 երգիծանկարներու կրկնօրինակները, որոնք ազնուօրէն տրամադրուած էին Շահէ Խաչատուրեանի եւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին կողմէ: Ցուցադրուած էին նաեւ եգիպտահայութեան մասին հրատարակուած հայ եւ օտար երկասիրութիւններ՝ Հայկազեան համալսարաանի Տէրեան հայագիտական գրադարանէն:

Գիտաժողովին առաջին իրիկունը եթովպահայ եւ եթովպաբնակ Վարդգէս Նալպանտեան դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Եթովպիոյ հայօճախը իր պատմական անցեալէն մինչեւ այսօր: Խիստ շահեկան այս դասախօսութիւնը որոշ զուգահեռներ ունէր 2017 Մայիսի գիտաժողովին Իրաքի հայօճախին ներկայ վիճակին նուրուած դասախօսութեան հետ:

Նիստերը վարեցին Տքթ.ներ Արտա Էքմէքճի, Նանօր Գարակէօզեան, Արշալոյս Թոփալեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Անդրանիկ Տագէսեան եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան ու Եղիա Թաշճեան:

Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ հայօճախներուն մէջ գործօն դեր ստանձնած գործիչներու, բայց մանաւանդ՝ դաշտային հետազօտութիւններ կատարած մասնագէտներու, երիտասարդ հետազօտողներու թէ՝ արխիւային պրպտումներ կատարած այլեւայլ ուսումնասէրներու մասնակցութեամբ: Ուրախալի էր, որ 26 մասնակիցներէն չորսը կը պատկանէին երիտասարդ սերունդին. անոնց տարիքը չէր հասներ 30-ի:

Աննախընթաց գիտաժողով մը եղաւ այս մէկը, ուր թերեւս կարելի էր աւելի արծարծել մերօրեայ խնդիրները, միջհայօճախային հաղորդակցութիւնները, կապերը եւ զուգահեռներ գծել տարբեր հայօճախներու կարգ մը երեսակներու եւ երեւոյթներու միջեւ:

Գիտաժողովին մասնակիցները կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Զեկոյցները կը զանազանուէին թէ՛ նիւթի բնոյթով, թէ՛ մեթոտոլոժիով եւ թէ յառաջացման եղանակով, երբեմն նաեւ՝ ենթակայականութեամբ:

Ջերմ, ազատ, անմիջական, նախանձախնդիր, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան Ափրիկեան Եղջիւրի հայօճախին անցեալին ու ներկային հայող շատ հարցեր, իրագործումներ:

Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան ունկնդիրներ, Սփիւռքի նախարարութեան երկու պաշտօնատարներ, եգիպտահայ, Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներ, հետազօտողներ, մտաւորականներ, շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:

Գիտաժողովը նաեւ իւրօրինակ երախտիք եւ ճանաչում էր Ափրիկեան Եղջիւրի հայութեան կատարած հայկական եւ մարդկային ճիգերուն:

Կեդրոնի կազմակերպած վերջին հինգ տարիներու գիտաժողովները Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի եւ Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որոնք նոր եւ հրատապ այժմէականութիւն կու տան Միջին Արեւելքի սփիւռքագիտութեան զարգացման, մղելով առընչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային հայեցակարգով դիտելու եւ ընկալելու:

Բարերար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը շնորհակալ է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնին, որ նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ մը գնահատեց գիտաժողովը:

Գիտաժողովին նիւթերը պիտի հրատարակուին յառաջիկային: Արդէն լոյս տեսած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայօճախներուն նուիրուած գիտաժողովի հատորները, շուտով կը հրապարակուի Յորդանանի գիտաժողովին նիւթերուն հատորը:

Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնը գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Կիպրոս-Յունաստանի հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2019-ի Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են: Այդ առումով, յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն:

Շաբաթ, Յունիս 23, 2018