ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայկական հարցի վերաբերեալ Անգարայի նոր նախաձեռնութիւնները ներկայիս կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Թուրքիա կը պատրաստուի նոր ռազմավարութիւն մը որդեգրել այս հիմնախնդրին շուրջ եւ համապատասխան ազդանշանները յաճախակիօրէն երեւելի դառնալ սկսած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, վերջերս Անգարայի մէջ տեղի ունեցած էր կարեւոր ժողով մը, որու կապակցութեամբ սահմանափակ տեղեկութիւններ փոխանցուած էին հանրային կարծիքին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահի առընթեր Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի այդ նիստին շուրջ ներկայիս կը հրապարակուին նոր մանրամասնութիւններ։ 1915-ի վերաբերեալ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ Հայոց  ցեղասպանութեան տեսակէտներուն դէմ դնելու նպատակով Թուրքիա ներկայիս որոշած է զարգացնել նոր ռազմավարութիւն մը։ Վերոյիշեալ ժողովին ժամանակ հասունցած է առաջարկ մը, որով կը նախատեսուի ինքնավար ու քաղաքային տարրերէ բաղկացեալ նոր կառոյց մը ստեղծել եւ այդպէսով յառաջ տանիլ Թուրքիոյ նոր ռազմավարութիւնը։ Պեշթեփէի վերջին ծանօթ խորհրդակցութենէն վերջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան անհրաժեշտ աշխատանքներուն համար տուած է համապատասխան հրահանգներ։ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ զբաղեցնող խնդիր մըն է հայկական հարցը, որ կ՚ունենայ յաճախակի դրսեւորումներ։

Ըստ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, մօտաւորապէս երեք ամիս առաջ օրակարգի վրայ եկաւ հայկական հարցին վերաբերեալ նոր ռազմավարութիւն մը զարգացնելու առաջարկը։ Այդ պահու դրութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսէն ներս հայկական նոր բանաձեւ մը օրակարգի վրայ եկած էր եւ ամերիկեան դատական մարմիններու մօտ կ՚ընթանային հայոց կողմէ բացուած դատեր։ Բայց եւ այնպէս, քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով յետաձգուեցաւ այն ժողովը, որու ընթացքին պիտի քննարկուէր հայկական հարցի շուրջ նոր ռազմավարութիւն մը որդեգրելու խնդիրը։ Ի վերջոյ, վերջին շաբաթներուն հազիւ հնարաւոր եղաւ վերաձեռնարկել կիսատ աշխատանքին եւ իրականացնել համապատասխան նիստը։

Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի ժողովի ընթացքին այս նիւթին շուրջ զեկուցումներով հանդէս եկան երկու դէմքեր։ Անոնցմէ մին էր խորհուրդի անդամներէն Ճեմիլ Չիչէք, որ այս առաջարկի հեղինակներէն մին է, իսկ միւս զեկուցողն էր՝ Հանրապետութեան նախագահի աւագ խորհրդականներէն Սէյիտ Սերթչելիք։ Ժողովի ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն չունի հիմնական միակ կառոյց մը, որ ուղղակիօրէն հայկական հարցով կը հետաքրքրուի եւ այս նիւթին կապակցութեամբ կը զարգացնէ տեսակէտներ եւ ընդհանուր ռազմավարութիւն մը։ Այս խնդրին առընչութեամբ պատկան նախարարութիւնները թէեւ կը մտնեն շրջանառութեան մէջ, սակայն հնարաւոր չ՚ըլլար ամբողջական քաղաքականութիւն մը մշակել։

Բարձրագոյն խորհրդակցութեան մարմնի նիստին ժամանակ ընդգծուած է նաեւ այլ հանգամանք մը։ Այսպէս, հայկական լոպին ցեղասպանութեան պնդումներու մերժուելու հաւանականութիւնը հաշուի առնելով չի դիմեր Միջազգային արդարադատութեան դիւան, սակայն վերջին շրջանին փոխած է իր ռազմավարութիւնը։ Այսպէս, հայոց լոպիական գործունէութիւնը ցեղասպանութեան փոխարէն սկսած է թիրախաւորել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները։ Անգարայի յիշեալ ժողովի ընթացքին ուշադրութեան առարկայ դարձած է նաեւ սոյն խնդրին շուրջ պատրաստուած տեղեկագիր մը։ Այսպէս, այդ տեղեկագրի պատրաստութիւնը իրականացուած է հինգ համալսարանի մասնակցութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ համամիտ գտնուած է ներկայաց-ւած առաջարկներուն եւ հրահանգած է, որպէսզի աշխատանքը ժամ առաջ հասնի իր աւարտին։

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի հաղորդումներով, նիստի ընթացքին ժողովականները նկատի ունեցան նաեւ այլ հանգամանքներ։ Արդարեւ, սա Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ հետապնդուած հարց մըն էր։ 2015 թուականին կատարուած օրէնսդրական փոփոխութիւնով՝ հայկական հարցի վերաբերեալ իրադարձութիւններու հետապնդման գործը Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն առնուելով վստահուած էր Մօտաւոր պատմութեան հետազօտութիւններու կեդրոնին, որ կը գործէր վարչապետարանի հովանոցին ներքեւ։ Վարչապետարանի լուծարումէն վերջ այդ կեդրոնը անգործութեան դատապարտուեցաւ։ Ժողովականները նշեցին, որ խնդիրը միայն քաղաքական չէ, այլեւ՝ ունի մշակոյթի, պատմութեան, քարոզչութեան, իրաւունքի նման բնագաւառներու չափումներ։ Ընդգծուեցաւ, որ անհրաժեշտ է ունենալ կառոյց մը՝ պետութեան կամ կառավարութեան հետ առանց ուղղակի կապի։ Սա պիտի ըլլայ ինքնավար, անկախ քաղաքային կառոյց մը, ինչ որ որոշուած է խորհրդակցութեան ընթացքին։ Այդ մէկը խնդիրը ամբողջական ձեւով պիտի տնօրինէ՝ վերոյիշեալ բոլոր չափումներով։ 

Այս բոլորի լոյսին տակ կ՚ակնկալուի, որ Թուրքիա իր տեսակէտները աւելի լաւ բացատրէ։

Լրատուամիջոցները կը շեշտեն, որ Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ կը ստեղծուի կառոյց մը՝ հայոց պնդումներուն դէմ ռազմավարութիւն զարգացնելու նպատակով։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020